Կիրակի, 20 Նոյեմբերին, Ամերիկայի Արեւելելան Թեմը նշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանին վայելելու 65ամեակը։ Այս խորհրդալից տօնին առթիւ, քաղաքս յատկապէս ժամանած էին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս, եւ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։ Ինչպէս յայտնի է, 1957ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ յատուկ կոնդակով վաւերացումի արժանացած Ամերիկայի Թեմէն 1972ին յառաջացած էին Գալիֆորնիոյ, ապա՝ Արեւմտեան Թեմը, իսկ 2002ին՝ Գանատայի Թեմը։
Կիրակի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ առաջնորդանիստ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագեց ու քարոզեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցութեամբ Թորգոմ եւ Բաբգէն Սրբազան Հայրերու։
Ս. Պատարագին ներկայ էին նաեւ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ՝ տիար Մհեր Մարգարեան, եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական՝ տիար Ալբերտ Գէորգեան։ Պատարագի ընթացքին, տեղի ունեցաւ յատուկ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ Ամերիկայի երեք թեմերուն ծառայած բոլոր հոգեւորականներուն։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական տօնախմբութիւնը Terrace on the Park շքեղ համալիրին մէջ, շուրջ 170 հոգիի ներկայութեան։ Կազմակերպիչ յանձնախումբը, ատենապետութեամբ՝ տիկ. Սիւզըն Չիթճեան-Էրիքսընի, տքնաջան աշխատանք կատարած էր, հետեւելով բոլոր մանրամասնութիւններուն։ Այս առթիւ, հրատարակուած էր 50 էջնոց գրքոյկ մը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմակալ առաջնորդներու պատգամներուն կողքին, ներկայացուած էր հայերէն ու անգլերէն կերպով պատմական նկարազարդ ուրուագիծ մը 65ամեայ Ազգային Առաջնորդարանին, այլ նիւթերու կարգին։
Տիկ. Էրիքսընի բացման խօսքէն ետք, յայտնի մեներգիչներ Վաղարշակ Օհանեան, Յասմիկ Մէյխանէճեան եւ Անահիտ Զաքարեան երգեցին ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները։ Հանդիսութիւնը վարեց Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ տիար Յակոբ Խաչատուրեան, որ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի բացման աղօթքէն ետք, կուռ ճառով մը վեր առաւ 65ամեակի նշանակութիւնը, անդրադառնալով նաեւ Թեմիս ներկայ ու ապագայ աշխատանքներուն՝ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «Սփիւռքի տարուան» հռչակման լոյսին տակ։ Տիար Խաչատուրեան նաեւ յայտարարեց, որ Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր 2023ին տեղի պիտի ունենայ Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը մեր Թեմին։
Ազգային Առաջնորդարանը միշտ մեր երիտասարդութիւնը ունեցած է իբրեւ իր բազմամեայ ծառայութեան առաջնահերթութիւններէն մին։ 1981ին ծնունդ առած՝ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի «Սիամանթօ» լսարանի մասին իր վկայութիւնը բերաւ անոր շրջանաւարտներէն՝ տիար Վահէ Չաղլասեան, որուն կողակիցը նաեւ շրջանաւարտ է լսարանէն, իսկ երկու զաւակները ներկայիս կը յաճախեն անոր դասընթացքներուն։ Ապա, 1987ին հիմնուած «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի վերջին տարիներու շրջանաւարտներէն՝ Թալին Լագիսեան, եւ 2017ին ստեղծուած «Աղ եւ Լոյս» երիտասարդական առաքելութեան անդամներէն՝ Յովսէփ Թրթռեան, յատուկ գնահատանքով անդրադարձան իրենց փորձառութեան այդ ծրագիրներուն ընդմէջէն։
Այս կարճ ուղերձներուն յաջորդեց գեղարուեստական բաժին մը։ Ելոյթ ունեցան պարիթոն Վ. Օհանեան («Կարաւան»), ջութակահար Դիանա Վասիլեան («Տեսնեմ Անին ու մեռնեմ»), մեձձօ սոփրանօ Յասմիկ Մէյխանէճեան («Գարուն Երեւան») եւ սոփրանօ Անահիտ Զաքարեան («Տիրամայր»)։ Այնուհետեւ, երեք մեներգիչները միասնաբար երգեցին «Հայաստան»։
Գեղարուեստական բաժինէն ետք, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարիչ տնօրէն՝ տիար Արամ Համբարեան, որ անդրադարձաւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան եւ խաղացած անփոխարինելի դերին ամերիկահայ համայնքին մէջ։
Ճաշի աւարտին, ձեռնարկը շարունակուեցաւ Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերու Առաջնորդներու՝ Թորգոմ Եպիսկոպոսի եւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի ողջոյնի սրտաբուխ խօսքերով, որոնք դրուատեցին Առաջնորդարանիս 65 տարիներու գործունէութիւնը եւ վեր հանեցին Հայ Եկեղեցւոյ հիմնական դերը Սփիւռքի կեանքի եւ հզօրացման գործին մէջ, ինչպէս եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անտեղիտալի աշխատանքը ծառայական դաշտին մէջ։ Թորգոմ Սրբազան, մէջբերելով խօսքը Խորէն Ա. Կաթողիկոսի, որ իբրեւ Խորէն Արքեպիսկոպոս եղած է Թեմիս կազմակերպիչը, ըսաւ. «Կիլիկիան մեր ազգի կենսունակութիւնն է»։
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Ազգային Վարչութեան նախկին ատենապետ՝ մեթր Ճէք Մարտոյեան, որ նշելով Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր Եկեղեցւոյ պատմութեան կարգ մը հանգրուաններ, անդրադարձաւ Արեւելեան Թեմի կազմաւորման հոլովոյթին ու իրագործումներուն՝ իրերայաջորդ առաջնորդներու աշխոյժ ղեկավարութեամբ, եւ ապագային նայելով կարգ մը կարեւոր առաջարկներ կատարեց։
Դիանա Վասիլեան ջութակով մեկնաբանեց «Շողեր ջան» եւ «Չկայ քիզի նման», որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի պատմութիւնը ներկայացնող ու 15 վայրկեան տեւողութեամբ յատկապէս պատրաստուած հայերէն (անգլերէն ենթախորագրերով) տեսերիզ մը, որ 65ամեայ ծառայութեան քանի մը գլխաւոր դրուագներով հանդիսատեսներուն կը բերէր կատարուած աշխատանքին համապատկերը եւ ապագայի հանդէպ վերանորոգ յանձնառութեան ուխտը։
Հուսկ բանքը արտասանեց Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ վեր հանելով երեք թեմերու համակողմանի իրագործումները 65ամեակի ընթացքին, ընդգծեց, որ «ծառայութեան ոգին պարզապէս կոչում չէ, այլ մեր ժառանգութեան մասը»։
Թորգոմ Եպիսկոպոսի «Պահպանիչ»էն ետք, երեք առաջնորդները գլխաւորեցին «Կիլիկիա»յի երգեցողութիւնը, որուն յոտնկայս միացան բոլոր ներկաները։ Այսպէսով վերջ գտաւ այս յիշատակելի հանդիսութիւնը, որուն պիտի շարունակենք անդրադառնալ յաջորդիւ։