ԿԻՐԱԿԻ, 27 ՆՈՅԵՄԲԵՐ – Ա. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 36:1-9
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 12:13-31
Ժողովուրդէն մէկը Յիսուսի ըսաւ.
– Վարդապե՛տ, ըսէ՛ եղբօրս, որ մեր հօր ձգած ժառանգութենէն իմ բաժինս տայ ինծի:
Յիսուս պատասխանեց.
– Ո՛վ մարդ, ո՞վ զիս դատաւոր կամ իրաւունքի բաժանարար կարգեց ձեր վրայ:
Ապա դառնալով ժողովուրդին, շարունակեց.
– Նայեցէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն:
Յիսուս անոնց առակ մըն ալ խօսեցաւ եւ ըսաւ.
– Հարուստ մարդ մը կար, որուն արտերը առատ բերք տուին: Անիկա կը մտածէր ու կ’ըսէր. «Ի՞նչ ընելու եմ, որովհետեւ հունձքս ամբարելու համար շտեմարաններուս մէջ տեղ չմնաց: Այո՛, գիտե՛մ ինչ պիտի ընեմ: Պիտի քակեմ շտեմարաններս, աւելի ընդարձակները պիտի շինեմ եւ հոն ամբարեմ ցորենս եւ ամբողջ բերքերս: Ապա ես ինծի պիտի ըսեմ.- Ով մարդ, քանի որ երկար տարիներու համար ամբարած հարստութիւն ունիս, հանգիստ ըրէ. կե՛ր, խմէ՛ եւ վայելէ՛»: Բայց Աստուած ըսաւ իրեն. «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ»:
Եւ Յիսուս եզրակացուց.
– Նոյնն է պարագան բոլոր անոնց, որոնք միայն իրենց անձերուն համար հարստութիւն կը դիզեն, փոխանակ Աստուծոյ աչքին հարստանալու:
Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
– Ահա թէ ինչո՛ւ կ’ըսեմ ձեզի.- Մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, եւ ո՛չ ալ ձեր մարմինին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի հագնիք: Որովհետեւ կեանքը աւելի կարեւոր է քան ուտելիքը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր՝ քան հագուստը: Դիտեցէ՛ք ագռաւները, որոնք ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ շտեմարաններ եւ ո՛չ ալ ամբարներ ունին, սակայն Աստուած կը կերակրէ զանոնք: Իսկ պիտի չկերակրէ՞ ձեզ, դուք՝ որ իր աչքին թռչուններէն գերազանց էք: Մտահոգուիլը կանգունով մը կ’երկարէ՞ ձեր հասակը: Եթէ նուազագոյն բանը չէք կրնար ընել, ինչո՞ւ ուրեմն ուրիշ բաներով կը մտահոգուիք: Դիտեցէք եւ տեսէք թէ ի՛նչպէս կ’աճի դաշտի շուշանը: Ո՛չ կ’աշխատի, ո՛չ կը հիւսէ: Հաւատացէք, որ նոյնիսկ Սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ: Եթէ Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ խոտը՝ որ այսօր դաշտին մէջ է եւ վաղը կրակը պիտի նետուի, ձեզ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞, թերահաւատնե՛ր: Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ո՛չ ձեր ուտելիքով եւ ո՛չ ալ ձեր խմելիքով, եւ մի՛ մտատանջէք դուք ձեզ, որովհետեւ ասոնք բոլորը հեթանոսներուն յատուկ են: Ձեր Հայրը գիտէ որ այդ բոլորին պէտք ունիք: Այլ, ուզեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի։
Ա. ԹՈՒՂԹ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-10
Մենք՝ Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, կը գրենք ձեզի՝ Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին, որ Հօր Աստուծոյ եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կը պատկանի: Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի:
Մեր աղօթքներուն մէջ միշտ կը յիշենք ձեզ եւ անդադար ձեզի համար գոհութիւն կը մատուցանենք Աստուծոյ: Հօր Աստուծոյ առջեւ միշտ կը յիշենք՝ թէ ի՛նչպէս կեանքի կը վերածէք ձեր հաւատքը, սէրէն մղուած կը ծառայէք ուրիշներուն, եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յուսալով՝ նեղութիւններու կը համբերէք:
Եղբայրնե՛ր, գիտէք թէ Աստուած ձեզ սիրեց եւ ընտրեց, որովհետեւ մեր քարոզութեամբ Աստուած իր Աւետարանը յայտնեց ձեզի՝ ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ զօրութեամբ, այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ, եւ կատարեալ վստահութիւն ներշնչեց ձեզի: Դուք լաւ գիտէք, թէ ձեր մէջ ի՛նչպէս ապրեցանք, ձեզի օրինակ ըլլալու համար: Մեզի նմանելով՝ դուք Տիրոջ նմանած եղաք, քանի որ՝ հակառակ ձեր կրած բոլոր նեղութիւններուն, Սուրբ Հոգիին պարգեւած ուրախութեամբ ընդունեցիք մեր քարոզութիւնը, եւ ձեր այս ընթացքով օրինակ եղաք Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի բոլոր հաւատացեալներուն: Արդարեւ, դուք ձեր օրինակով Տիրոջ խօսքը հռչակեցիք ո՛չ միայն Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ, այլեւ ամէն տեղ ուր Աստուծոյ վրայ ունեցած ձեր հաւատքին համբաւը տարածուեցաւ: Այնպէս որ, այլեւս ո՛չ պէտքը կը զգանք բան մը աւելցնելու, ո՛չ ալ մենք մեզ ներկայացնելու, որովհետեւ ո՛ւր որ երթանք՝ մարդիկ իրենք մեր մասին կը պատմեն, թէ ի՛նչպէս ձեզի եկանք, ի՛նչպէս դուք կուռքերը ձգելով Աստուծոյ դարձաք՝ կենդանի եւ ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու համար, եւ թէ ի՛նչպէս կը սպասէք որ երկինքէն վերստին գայ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուսը, որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, եւ որ մեզ պիտի փրկէ գալիք բարկութենէն: