Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը, Առաջնորդարանէն

ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ

Սիրելի Ծխականներ եւ Բարեկամներ Ազգային Առաջնորդարանի,

Սրտի անհուն հրճուանքով կ՛ողջունեմ ձեզ բոլորդ, ազգային մեծ տօնի եւ ընտանիքներու վերախմբաւորման առիթ հանդիսացող Գոհաբանական օրուան առթիւ։

Ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ, շատ քիչ երկիրներ կան, որոնք իրենց անկախութեան եւ ազգային տօներու կողքին Գոհաբանութեան Օր կը նշեն, որոնցմէ գլխաւորագոյնն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։

Շնորհակալութիւն յայտնելը հարազատագոյն արտայայտութիւնն է առհասարակ բոլոր ստեղծուածներուն, ի մասնաւորի բանաւոր արարածներու կողմէ՝ ուղղուած Արարիչ Աստուծոյ։

Նոյ, սուրբ գրային տիտան Նահապետը, Ջրհեղեղի դադարէն ետք, անմիջապէս որ Տապանը հանգչեցաւ Արարատ լերան վրայ եւ դուրս եկաւ անկէ, առաջին հերթին գոհաբանական զոհ մատոյց Ամենակալ Աստուծոյ նախախնամութեան համար։ Սաղմոսագրքի աւարտին, 149րդ սաղմոսը կոթողային հիւսուածք մըն է Գոհաբանութեան, ուր հոյակապ օրհներգ կը ներկայացուի առ Աստուած, համայն ստեղծագհործութեան՝ մարդոց, կենդանական ու բուսական աշխարհներու  կողմէ։

Վստահ եմ, որ ո՛չ միայն Աստուածաշունչ մատեանին մէջ, այլ իւրաքանչիւր անհատ արդարացի պատճառներ ունի շնորհակալութիւն յայտնելու Ամենակալ Տիրոջ, վայելելով Անոր երեւելի եւ աներեւոյթ օրհնութիւնները։ Գոհաբանութիւնը ամենէն բնական արտայայտութիւնն է ո՛չ միայն տեսանելի բարիքներու վայելման, այլ նաեւ Բարեգութ Աստուծոյ Շնորհքին համար, որ խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն կը պարգեւէ հոգիներու եւ մտքերու, ոռոնք իրենց կարգին բարերար ազդեցութիւն կ՛ունենան մեր մարմնականին՝ աշխատանքներուն, յարաբերութեան եւ առհասարակ  բոլոր բնագաւառներուն վրայ։

Այս հասկացողութեամբ, գոհութիւն յայտնելէ ետք Ամենակալ Աստուծոյ, շնորհակալութիւն յայտնենք մեր ծնողաց եւ ընտանիքի անդամներուն, ազգականներուն, պաշտօնակիցներուն։ Մանաւանդ չմոռնանք բոլոր անոնք, որոնք մեր առօրեայ կեանքին առնչուած են, թէկուզ համեստ պաշտօնատարութեամբ՝ նամակաբաշխէն մինչեւ հասարակական կեանքի մէջ ծառայողներն ու ղեկավարները։

«Շնորհակալ եմ» արտայայտութիւնը մոգական ազդեցութիւն մը ունի, որուն բարիքները մեր ակնկալածէն շատ աւելի են։

Շնորհակալութիւն ձեր բոլորին, որ ողջոյնի այս խօսքը կ՛ունկնդրէք։ Բարերարն Աստուած առատապէս օրհնէ ձեզ անձնական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքին մէջ։