Յովհաննէս Հոլովի ճարտասանական աշխատութեան անուանաթերթը (1674)
Յովհաննէս Հոլով 17րդ դարու հայ կաթողիկէ վարդապետ մը եղած է, որ կարեւոր դեր ունեցած է մեր մատենագրութեան եւ յատկապէս աշխարհաբարի վաղ պատմութեան մէջ։
Բուն անունով՝ Յակոբ, ծնած է Պոլսոյ մէջ, 26 Մարտ, 1635ին: 1660-1667 թուականներուն ուսանած է Հռոմի եւ Լիոնի դպրոցներուն մէջ, որմէ ետք զբաղած է գիտական, թարգմանչական եւ քարոզչական աշխատանքով։ Որպէս կաթողիկէ վարդապետ, նպաստած է կաթոլիկութեան տարածման հայերուն մէջ։ Ամսթերտամ տպարան բացած Ոսկան Երեւանցիի առաջին գրաքննիչը եղած է եւ իր գործունէութեամբ պաշտպանած է հայ տպագրիչներու շահերը, եւ այս պատճառով պաշտօնանկ եղած է։
Հեղինակած է շուրջ 15 ինքնուրոյն ու թարգմանական գիրքեր։ Առաջին տպագիր գործը եղած է «Պարտէզ հոգեւոր» (1670) երկի թարգմանութիւնը, եւ ապա հրատարակած է «Զտութիւն հայկաբանութեան կամ Քերականութիւն հայկական» (1674) լատիներէն աշխատութիւնը, որուն համար ալ, ըստ աւանդութեան, «Հոլով» կոչուած է։ Այս գիրքի քննութեան նիւթը գրաբարի քերականութիւնն է։ Ներածութեան մէջ նշուած է հայոց լեզուի երեք տարբերակ՝ «հայկական» (այսինքն՝ գրաբար), «աշխարհական» (բարբառներ), «քաղաքական» (հայկականի եւ աշխարհականի խառնուրդը, զոր ատենախօսներն ու փաստաբանները կ՚օգտագործեն)։ Անցնելով բուն քերականութեան, Յովհաննէս Հոլով կ՚որոշէ անոր սահմանները, կը քննէ խօսքի մասերը, շարահիւսութիւնը, կէտադրութիւնը, հնչիւնաբանութիւնը, տաղաչափութիւնը եւ այլն։
1674ին եւս լոյս տեսած «Համառօտութիւն ճարտասանականի արհեստի» աշխատութեամբ, հեղինակը փաստօրէն նոր շրջանի ինքնուրոյն գիտական ոճագիտութեան ու ճարտասանութեան հիմքը դրած է, իսկ «Պարզաբանութիւն հոգենուագ սաղմոսացն» (1687) գիրքով նոր մակարդակի հասցուցած աշխարհաբարի մշակումը եւ առաջին անգամ հրապարակաւ պաշտպանած զայն։
Յովհաննէս Հոլով մահացած է 24 Նոյեմբեր, 1691ին, Վենետիկի մէջ։