Մխիթարեան ականաւոր բանասէր եւ մատենագէտ Հ. Գարեգին Զարբհանալեան հեղինակած է մեր մատենագրութեան պատմութեան նուիրուած առաջին ուսումնասիրութիւններէն մէկ քանին։
Ծնած է 4 Դեկտեմբեր, 1827ին, Կ. Պոլսոյ մէջ։ Փոքր տարիքին փոխադրուած է Վենետիկի Ս. Ղազար վանքը, ուր ստացած է կրթութիւնը, հմտացած՝ հին լեզուներու մէջ, եւ խորապէս ուսումնասիրած՝ հայ հին գրականութիւնը։ 1848-ին Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ դարձած է։ 1850-1856ին ուսուցիչ եղած է վանքի դպրոցին մէջ եւ պատրաստած՝ ուսումնական շարք մը ձեռնարկներ։ Աւելի ուշ եղած է տպարանապետ (1856-1872) եւ միաբանութեան քարտուղար (1876-1894)։
1850ական թուականներու սկիզբներէն պատմա-բանասիրական յօդուածներ հրատարակած է միաբանութեան «Բազմավէպ» ամսաթերթին մէջ։ 1856ին լոյս ընծայած է «Պատմութիւն մատենագրութեան յունաց, հռոմայեցւոց» գիրքը, որ դասագիրք հանդիսացած է հայկական դպրոցներու համար։ 1865ին հրատարակած է «Պատմութիւն հայկական հին դպրութեանց» գիրքը, որ ունեցած է երկրորդ (1886) եւ երրորդ (1897) տպագրութիւններ, ճոխացած եւ բարեփոխուած, ինչպէս եւ չորրորդ տպագրութիւն մը, յետմահու (1932)։ Առաջին գործը եղած է իր տեսակին մէջ։ Անոր շարունակութիւնը՝ «Պատմութիւն հայկական արդի դպրութեանց» գիրքը, երկու հրատարակութիւն ունեցած է (1878 եւ 1905)։ Հ. Զարբհանալեանի գրիչին կը պատկանի նաեւ «Պատմութիւն մատենագրութեան միջին եւ նոր դարուց յարեւմուտս» երկհատոր ձեռնարկը (1874)։
Հեղինակի ուշագրաւ աշխատութիւններէն կը համարուի «Հայկական մատենագիտութիւն»ը (1883), ուր այբբենական կարգով ներկայացուած են տպագրութեան գիւտէն մինչեւ 1880ական թուականները հրատարակուած հայերէն գիրքերը։ «Մատենադարան հայկական թարգմանութեանց նախնեաց» (1889) աշխատութիւնը գրեթէ նոյն բնոյթը ունի։ Հոս տրուած են, ժամանակագրական կարգով, 4րդ-13րդ դարերու օտար լեզուներէ կատարուած թարգմանութիւնները։ «Պատմութիւն հայկական տպագրութեան» գիրքը (1895) կը խօսի հայկական տպարաններուն մասին, սկիզբէն մինչեւ նոր ժամանակները։ Կազմած է Պղատոնի եւ Փիլոն Եբրայեցիի հայերէն հին թարգմանութիւններուն բնագիրները։
Հայր Գարեգին Զարբհանալեան վախճանած է 13 Փետրուար, 1901ին, Վենետիկի մէջ։