ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ 60ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ (ՄԻՇԻԿԸՆ)
Կիրակի, 27 Նոյեմբերին, Տիթրոյիթի Ս. Սարգիս եկեղեցին լիիրաւ կերպով ապրեցաւ Գոհաբանութեան Օրուան ոգին բազմակողմանի բարիքներու վայելումով։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց եկեղեցւոյ 60ամեայ տօնակատարութեան առթիւ։ Յընթացս Ս. Պատարագի Սարկաւագ ձեռնադրեց Սերժ կիսասարկաւագ Կարապետեանը։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն դրուատեց նորընծային բարեմասնութիւնները, անդրադառնալով ի տղայ տիոց անոր աշխոյժ մասնակցութեան՝ Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի, պատանեաց խմբակի, ապա՝ Ազգային Առաջնորդարանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանին մէջ, եւ վերջապէս՝ Տիթրոյիթի Ս. Սարգիս եկեղեցիէն ներս։ Սերժ Սարկաւագի կազմաւորման մէջ, Սրբազան Հայրը շեշտեց առանցքային կարեւորութիւնը ընտանեկան դաստիարակութեան, որ մայրն է ամենայն առաքինութեանց ու կորիզը առողջ հաւաքականութեանց՝ ըլլայ համայնք թէ ազգ, եւ քաջալերեց ծնողները որ իրենց վստահուած սրբազան պարտականութիւնը կատարեն գիտակից զոհողութեան բարձրագոյն մակարդակով։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, ծխականները ցնծութեամբ դիմաւորեցին նորոգ սրբագործուած Սուրբ Միւռոնը եւ վայելեցին Ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնը։ Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, հաւատացեալները ուղղուեցան եկեղեցւոյ «Լիլիան Առաքելեան» հիմնովին նորոգուած սրահը, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական Տնօրհնէքի արարողութիւնը։
Ներկաները վայելեցին ճոխ հիւրասիրութիւն։ Մեթր Մովսէս Շրիգեան՝ եկեղեցւոյ ատենապետը, հանգամանօրէն ներկայացուց սրահի նորոգման տարբեր փուլերը, որուն պիտի հետեւի եկեղեցւոյ նորոգութիւնը։ Ապա, 1962 թուին Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբի նահապետը հանդիսացող տիար Ճորճ Առաքելեանը ոգեկոչեց հիմնադիր անդամներու օրինակելի զոհողութիւնը, որուն շնորհիւ գաղութը բարգաւաճեցաւ։ Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ եկեղեցւոյ ուրուագծային պատմութեան տեսերիզը, որ պատրաստուած էր հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեանի իննամեայ մանչ զաւկին՝ Նարեկի կողմէ։ Տէր Հայրը իր խորազգաց շնորհակալութիւնը յայտնեց ծխականներուն, որոնք միշտ զօրավիգ եղած են առհասարակ գաղութին, եւ ի մասնաւորի եկեղեցւոյ ծրագիրներու իրագործման։ Տիկ. Քարէն Եակմալեան ամենայն անկեղծութեամբ վեր առաւ Տէր Հրանդի եւ երէցկին Թամարի անսակարկ զոհողութիւնը գաղութի վերաշխուժացման գծով։
Հուսկ ապա, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց գաղութի յառաջդիմութեան մէջ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան առողջ ղեկավարութիւնը՝ գործակցութեամբ եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց, եւ հրաւիրեց որ իւրաքանչիւր անդամ իբրեւ տէր եւ ծառայ իր գործօն մասնակցութիւնը բերէ Աստուծոյ Տան հզօրացման, որ երաշխիքն է գաղութի գոյապահպանման։
«Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ նորակերտ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վաթսունամեակի յուսադրիչ տօնակատարութիւնը։