Առաջնորդարանէն

ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒ ՆԱՄԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Չորեքշաբթի, 30 Նոյեմբերին, իր աւարտին հասաւ Ազգային Առաջնորդարանի Ս. Գիրքի առցանց սերտողութիւնը, որ նուիրուած էր Պօղոս Առաքեալի Գաղատացիներու Նամակին եւ ներկայացուեցաւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի կողմէ, ինը շաբաթական նիստերով։ Իննսուն մասնակիցներէն 48 հոգի հինգ կամ աւելի նիստերու ներկայ էին։ Ս. Պօղոսի այս նամակը կը նկատուի Նոր Կտակարանի ամենէն ազդեցիկ բնագիրներէն մէկը Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։