Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱԻՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ (ԿՐԱՆԻԹ ՍԻԹԻ) ՆՇԵՑ ԻՐ 68ԱՄԵԱԿԸ
Կիրակի, 4 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ), հիմնադրութեան 68ամ;ակին առիթով։Յաւարտ Ս. Պատարագի, հաւատացեալները դիմաւորեցին Սրբալոյս Միւռոնը եւ տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէք։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան։ Գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ՝ Մարկ (նրբասրինգ) եւ Եդուարդ Տէր Յովհաննիսեան (դաշնակ) եղբայրներու մասնակցութեամբ։ Խօսք առաւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Սթիվ Յակոբեան, որ ներկայացուց եկեղեցւոյ գործունէութիւնը։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան, իր երախտապարտութիւնը յայտնեց հոգաբարձութեան եւ համայնքին իրենց մնայուն աջակցութեան համար։ Աւարտին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս դրուատեց Տէր Հօր աշխոյժ գործունէութիւնը համայնքին մէջ, ինչպէս եւ իր դաստիարակչական նախաձեռնութիւնները։ Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով։