Կաթողիկոսարանէն

ԸՆԴԴԷՄ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՍԱԴՐԱՆՔԻՆ. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՄԻՋԱՄՏԵԼՈՒ Ի ԽՆԴԻՐ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ

Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միջազգային համայնքին կոչ ուղղեց բոլոր ազդու միջոցներով միջամտելու, որպէսզի Ատրպէյճանի կողմէ փակուած Արցախի ու Հայաստանի միջեւ կապը երաշխաւորող Լաչինի միջանցքը վերաբացուի։ Իր կոչին մէջ, Նորին Սրբութիւնը, անդրադառնալով Արցախի մէջ ապրող հազարաւոր հայերուն, ընդգծեց, որ անոնք շուտով ենթակայ կրնան ըլլալ հիւանդութեան ու սովի համաճարակի։ Փաստօրէն, Ատրպէյճանի կողմէ նման քայլ մը ցեղասպանութիւն է. հետեւաբար, միջազգային համայնքը իրաւունք չունի անտարբեր եւ լուռ մնալու՝ մարդասիրական ու մարդկային հիմնական օրէնքներու եւ սկզբունքներու խախտումին ու անտեսումին նկատմամբ, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։

Արամ Ա. Կաթողիկոսի յիշեալ կոչը փոխանցուեցաւ միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն ու մամուլին։