Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պըն Ապտալլա Պուխարի։
Վեհափառ Հայրապետը դեսպանի ուշադրութեան յանձնեց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին փակումը եւ անոր ծանր հետեւանքները Արցախի ժողովուրդին վրայ եւ խնդրեց Սէուտական Արաբիոյ միջամտութիւնը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնն ու դեսպանը տեսակէտներու փոխանակում ունեցան Լիբանանի ու Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն, Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն եւ Լիբանանի ժողովուրդը դիմագրաւող ընկերա-տնտեսական հարցերու առնչուած շարք մը խնդիրներու շուրջ։
Վեհափառ Հայրապետը քանի մը օր առաջ միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական ու միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած էր միջամտելու Լաչինի միջանցքի վերաբացումը երաշխաւորելու գծով։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը, Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդը եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը զանազան կերպերով ու հրապարակային յայտարարութիւններով դատապարտեցին Ատրպէյճանի բարբարոսական արարքները իբրեւ խախտում միջազգային օրէնքին եւ պահանջեցին Լաչինի միջանցքին անյապաղ վերաբացումը։ Ֆրանսիս Պապը Կիրակի, 18 Դեկտեմբերի պատգամին մէջ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Արցախի մէջ տիրող կացութեան մասին եւ կոչ ուղղեց խաղաղ լուծում գտնելու՝ յանուն մարդոց բարօրութեան:
20 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Արցախի հարցին շուրջ Արամ Ա. Կաթողիկոս խորհրդակցեցաւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ։ Երկու Վեհափառ Հայրապետները ընդգծեցին Արցախի շուրջ զոյգ նուիրապետական աթոռներուն աշխատանքները ներդաշնակելու կարեւորութիւնը։
Աւելի ուշ, Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան հեռաձայնով խօսեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ պարզեց Արցախի ժողովուրդին հետզհետէ վատթարացող կացութիւնը եւ խնդրեց շարունակել Լաչինի միջանցքին վերաբացման գծով կատարուող աշխատանքները։