ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս, Արեմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, եւ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսը, որոնք Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան 65ամեակի եւ Արեւմտեան Թեմի ինքնուրոյն միաւոր դառնալու 50ամեակի ծիրէն ներս Լոս Անճելըս գտնուելով, խորհրդակցական հանդիպում ունեցան իրենց թեմերը յուզող զանազան հարցերու մասին:
Ազգային Ընդհանուր Ժողովի լոյսին տակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ բոլոր թեմերուն յղուած շրջաբերականին, Հիւսիսային Ամերիկայի թեմակալ երեք առաջնորդները քննարկեցին Հայ Եկեղեցւոյ ծառայելու բոլոր կարելի հնարաւորութիւնները, յատկապէս նորահաս սերունդներու կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը աւելի ուժական, տարածուն, հետաքրքրական ու ժամանակակից դարձնելու առումով:
Ժողովի աւարտին, երեք առաջնորդները հրապարակեցին հետեւեալ կոչը ի պաշտպանութիւն Արցախի.
«Ի հետեւումն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական համահայկական յայտարարութեան, այս գիրով կոչ կ՛ուղղենք Հիւսիսային Ամերիկայի մերազն ժողովրդեան բոլոր զաւակներուն՝ ազգային, քաղաքական, դիւանագիտական, մարդասիրական, կրթական, ընկերային, տնտեսական, մարզական, մշակութային կառոյցներ, միութիւններ, խմբակցութիւններ, բարերարներ, բարեկամներ եւ անհատներ, որ առաւելագոյն չափով զօրակից դառնան Հայ Արցախին ու հոն ապրող 120 հազար հաշուող կարիքաւոր հայութեան (ծերեր, տարեցներ, հիւանդներ, երիտասարդներ, հաշմանդամներ, պատանիներ ու մանուկներ):
Յատկապէս տօնական այս տագնապալի օրերուն, երբ հայկական Արցախ կը դիմագրաւէ մահու-կենաց խնդիր, երբ տակաւին փակուած կը մնայ արցախահայութիւնը Հայաստանին կապող «կեանքի ճամբան»՝ Լաչինի անցքը, մեզի կը մնայ Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին եւ բոլոր մակարդակներու վրայ ստեղծել մեր ամենասիրելի Արցախին ու իր ժողովուրդին ապրելու կամքին ի նպաստ մթնոլորտ՝ մեր շրջանի ժողովուրդներու ուշադրութիւնը եւ միջազգային ընտանիքի միջամտութիւնը հրաւիրելով մեր հայրենեաց երկրի ու հայկական պետականութեան առաւել ամրապնդման եւ Արցախի հայութեան ճգնաժամային ներկայ վիճակէն դուրս բերման բոլոր անհրաժեշտ ու պիտանի կարելիութեանց վրայ, գլխաւոր նպատակ ունենալով Լաչինի անցքի շուտափոյթ վերաբացումը՝ իբրեւ մարդասիրական օգնութեանց միակ ճամբայ:
Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան տօներու մեր նուէրները հայութեան ամենավիրաւոր հատուածին թող ըլլայ մեր եղբայրական, միասնական ու հզօր ձեռքը՝ համահայկական ճիգերով կարենալ դուրս բերելու համար Արցախն ու արցախահայութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ ստեղծուած ներկայ դաւադիր անելէն»: