Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ԱՍՏՂԻԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ (16 Յունիս, 1943 – 23 Դեկտեմբեր, 2022)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները խոր կսկիծով տեղեկացան, թէ Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբերին, Ֆիլատելֆիայի մէջ յանկարծամահ եղած է Ազգային Առաջնորդարանի երկարամեայ գործակից՝ տիկ. Աստղիկ Գազանճեան, 79 տարեկանին, սուգի մատնելով ամբողջ գաղութը։

Հանգուցեալը ծնած էր 16 Յունիս, 1943ին, Պաղեստինի մէջ։ Դուստրն էր տէր եւ տիկ. Նշան եւ Սաթենիկ Տէր Գալուստեան ամոլին, որոնք Պաղեստինէն անցնելով Լիբանան, ապաստանած էին Ամերիկա իրենց ընտանիքով, հետեւելով իրենց զաւկին՝ Արժպ. Տ. Մուշեղ Ա. Քհն. եւ երէցկին Վարդուհի Տէր Գալուստեաններուն, եւ շարունակելով իրենց եկեղեցակեդրոն կեանքը Նոր Աշխարհի մէջ։ Անցնող վաթսուն տարիներուն ընդհանրապէս եւ վերջին յիսուն տարիներուն յատկապէս, Աստղիկ Գազանճեան հանդիսացած էր համակ նուիրումի, բարեգործութեան, ծառայութեան կենդանի տիպար մը՝ հասնելով Ֆիլատելֆիայի գաղութի բոլոր խաւերուն անխտիր եւ ի մասնաւորի Ազգային Առաջնորդարանի բարեսիրական, ընկերային, մշակութային եւ երիտասարդական ծրագիրներուն։ Յատուկ յիշատակութեան արժանի է «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի անոր բոլորանուէր օժանդակութիւնը քառորդ դարու ընթացքին։

Տիկ. Գազանճեան, անցնող քառասուն տարիներուն աստուածատուր իր տաղանդը լաւագոյնս օգտագործելով, անվհատ եւ յարատեւ աշխատանքի եւ զոհողութեան շնորհիւ, Ֆիլատելֆիայի հայ գաղութին մէջ “Armenian Delight” վաճառատունը դարձուցած էր՝ առեւտրական բնոյթէն աւելի, հայ տոհմիկ խոհանոցը օտարներու ծանօթացնելու առաքելութիւն։

Ի գնահատութիւն իր բազմամեայ ծառայութեան, Մայիս 2022ին Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին ընթացքին, տիկ. Գազանճեան պարգեւատրուած էր Ազգային Առաջնորդարանի «Բարի Սամարացի» գնահատագրով, ձեռամբ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի (տե՛ս նկարը)։

Ծնողաց կողքին,  Աստղիկ կորսնցուցած էր իր աւագ եղբայրը՝ Արժպ. Տ. Մուշեղ Ա. Քհն. Տէր Գալուստեանը, իր աւագ քոյրերը՝ տէր եւ տիկ. Անդրանիկ եւ Իսկուհի Պետրոսեան, եւ տիկ. Շաքէ Նաշալեան, որդին՝ Հրաչ Գազանճեան, եւ քրոջորդին՝ Վաչէ Պետրոսեան։ Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք երկու որդիներուն՝ Արա եւ Վիգէն Գազանճեաններ, քրոջ՝ տէր եւ տիկ. Բարսեղ եւ Մարի Լուիզ Մահտեսեան, եղբօր ու քրոջ զաւակներուն եւ վերջիններուս զաւակներուն ու թոռներուն։

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները պիտի կատարուին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա), որ արդիւնքը պիտի բաշխէ եկեղեցւոյ, Ազգ. Առաջնորդարանի որբերու ֆոնտին եւ Հայ Քոյրերու Վարժարանին միջեւ՝ ի յիշատակ հանգուցեալին։

Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:30-11:00ին, որմէ ետք պիտի կատարուի յուղարկաւորութիւնը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ եւ շրջանիս հոգեւոր հովիւներու մասնակցութեամբ։ Թաղումը տեղի պիտի ունենայ «Արլինկթըն» գերեզմանատան մէջ (Տրեքսըլ Հիլ)։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։