Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ՄԷԿ ԱԶԳ ԵՒ ՄԷԿ ԱՊԱԳԱՅ ՆՇԱՆԱԲԱՆՈՎ ԴԻՄԱՒՈՐԵՆՔ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ

 
Քանի մը օրէն հրաժեշտ կու տանք 2022 տարուան եւ կը դիմաւորենք 2023 տարին, որ կրնայ նախորդ տարիէն աւելի վատ, բայց նաեւ աւելի լաւ ըլլալ։ Տարեթիւերը չէզոք թիւեր են, որոնք կ՛իմաստաւորուին մարդկային արարքներով, առաջնորդուած՝ աստուածակեդրոն կամ աստուածամերժ արարքներով։

Աստուածակեդրոն ըլլալ չի նշանակեր տկարամիտ, կրաւորական, անողնայար ըլլալ, ընդհակառակը՝ աստուածային իմաստութեամբ ու զօրութեամբ Եսի շուրջ պարուրուած մարդկային մեր տկարութիւնները յաղթահարելով, հաւաքական մեր տաղանդն ու հզօրութիւնը զօրաշարժի ենթարկել։

Որքան ցանկալի պիտի ըլլար որ մարդկութիւնը ընթանար Բարեգութ Արարիչին ուղեգիծով, որ միայն ու միայն բարիք, կեանք եւ երջանկութիւն կը պարգեւէ եւ կը տարածէ։ Մեր նախածնողաց՝ Ադամ ու Եւայով ծայր առած աստուածամերժութիւնը շարունակուեցաւ կայէնական նախանձով ու եղբայրասպանութեամբ, եւ այնուհետեւ պատմութիւնը մինչեւ օրս լեցուն է ողբալի անկումներով։

Այսօր, աւելի քան որեւէ ժամանակ, մարդկութիւնը, ընդ որս եւ հայ ժողովուրդը, կը դիմագրաւէ գոjութենական պայքար։ Մեր Մայր Հայրենիքը, արցախեան հայրենիքը եւ Սփիւռքը կ՛ապրին ամենէն ճակատագրական շրջաններէն մին հայկական ցեղասպանութենէն ետք։

Պատմական ասոյթը՝ «Աննիբալը դրան մօտ է», ո՛չ միայն կանխանշան է, որ վտանգը մօտեցած է մեր դռներուն, այլ հրամայական ազդանշան է, որ վտանգը արդէն իսկ թափանցած է մեր ղեկավարութեան եւ ժողովուրդի կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ։ Եօթանասուն տարիներ «եղբայր դարձան Հայաստան-Ազրպէյճան» երգեցողութենէն ետք, միջազգայնական լոզունգներով առաջնորդուած եւ ընկերային յոռի բարքերու հանդէպ թոյլատու հայրենի ներկայ իշխանութիւնը պարտի սթափիլ իր մահացու թմբիրէն, որով ազգն ամբողջ կ՛առաջնորդէ կորստեան անդունդ։

Սուրբ Գիրքը եւս կ՛աւետարանէ, թէ «գայլն ու գառնուկը միասին պիտի ճարակեն», բայց ատիկա կ՛իրականանայ աստուածային սիրով եւ փոխադարձ յարգանքով սնած արարածներու միջեւ։ Արցախի յանձնումով եւ Ցեղասպանութեան ուրացումով, փոխանակ որ դրացի երկու երկիրներ խաղաղութեամբ միասին ճարակեն, յօշոտողին  ախորժակները առաւել եւս կը սրեն, ինչպէս ականատես կ՛ըլլանք այսօր Սիւնիքով, վաղը Սեւանով ու ապա Երեւանով։

Ո՛չ մէկ կասկած որ միջազգային բարդ իրադարձութեանց դէմ կը գտնուինք, որոնց զարգացման մէջ մե՛նք եւս ունեցանք, աւա՜ղ, մեր տխուր բաժինը անցնող երեք տասնամեակներուն եւ յատկապէս վերջին երեք տարիներուն։ Արդար կերպով ըսուած է, թէ «ժողովուրդներ չեն մեռնիր, այլ անձնասպան կ՛ըլլան»։ Անձնասպան կ՛ըլլան հեռանալով իրենց տոկուն արմատներէն, ուրանալով իրենց փառապանծ ինքնութիւնը եւ յանձնուելով տժգոյն լոզունգներու, որոնք աւետարանական պատգամով կը նմանին քարի վրայ ինկած եւ հասակ առած հատիկներու, որոնք կը չորնան ու կ՛անհետին արեւու կիզիչ տաքութենէն։

Նոր տարին թող հրաւէր ըլլայ բոլորիս հաւաքաբար նորոգուելու մէկ ազգ եւ մէկ ապագայ նշանաբանով՝ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի  սփիւռս աշխարհի նշանաբանով։ Մեր վէրքերով ու մեր յոյսերով քալենք միշտ միասին, մեր աչքը յառած յաւերժական Արարատին։

Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ ձեր Նոր Տարին, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ ամենայն բարիք։


ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ