Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 25 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Ս. Պատարագին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Պատարագեց ու քարոզեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան, որ օրուան ընթերցումէն մեկնելով, յայտնեց, թէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ պէտք է աստուածապարգեւ իր տաղանդն ու շնորհը օգտագործէ առանց վախի՝ Աստուծոյ սիրով առաջնորդուած։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի եւ նախասարկաւագի տօնին առիթով, Բարշ. Պետրոս Սրկ. Գալաճեան, Զաւէն Սրկ. Վարժապետեան եւ Ռազմիկ Սրկ. Նէնէճեան խնկարկեցին սուրբ սեղանը եւ ստացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս վեր առաւ սարկաւագներուն, ինչպէս եւ դպրաց դասին բոլորանուէր ծառայութիւնը։ Ան նաեւ դրուատեց Տէր Հայրը համայնքի հոգեւոր, մշակութային եւ ընկերային կեանքի զարգացման բերած նպաստին համար։

Հաւատացեալներուն ուղղելով իր խօսքը, Սրբազան Հայրը յորդորեց զիրենք, որ Ս. Ստեփանոսի տօնը նկատի չունենան միայն իր խորհրդաշական արժէքով, այլ դիտեն անոր գոյութենական պատգամը։ Երբ նախավկան կը քարկոծուէր, ան իր աչքերը երկինք բարձրացուց ու տեսաւ Քրիստոսը, որ նստած էր Հօր Աստուծոյ աջին։ Միեւնոյն ձեւով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ըսաւ, հայ ժողովուրդը, որ մահուան սպառնալիքի տակ գտնուած է վերջին երեք տարիներուն, կը շարունակէ մշտապէս իր աչքերը երկինք յառել, հայցելով արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն։