Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ԲԱՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԵԶԻ ՏՐՈՒԱԾ ՆՈՒԷՐԸ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան տօնը որեւէ բանէ աւելի մեր կեանքի գերագոյն արժէքին եւ նպատակին անդրադառնալու գեղեցկագոյն առիթն է։ Աստուծոյ Միածին Որդիին Մարդեղացումը՝ մեր Փրկութեան համար, լրջօրէն կը հրաւիրէ մեզ խորհրդածելու մեր գոյութեան մասին։ Աստուած նախախնամական բացառիկ  ճամբով մեզի վստահեցուց, թէ իր յաւերժական ծրագրին մէջ մենք իւրայատուկ տեղ ունինք։ Մարդեղացման Իր սրբազան զոհողութիւնը գերագոյն նուէրն է մեզի, որպէսզի կեանք, եւ առաւել կեանք ունենանք, ինչպէս Ինք յայտնեց (Յհ 10:10)։

Թոյլ տուէք, սիրելի բարեկամներ, որ անկեղծ հարց մը տամ ձեզի։ Անձնապէս ինչպէ՞ս կը զգաք, երբ թանկագին նուէր մը տաք ձեր մէկ սիրելիին կամ բարեկամին, եւ վերջը իմանաք որ ան աղբանոց նետած է զայն։ Վստահ եմ, որ խոր վիշտ ու ցաւ կը պատճառէ։ Գէշ կը զգաք անոր տգիտութեան  ու անտարբերութեան համար, մանաւանդ կ՛որոշէք ալ նուէր չտալ իրեն։ Եկէ՛ք նոյն հարցումը ուղղենք մեր Տիրոջ եւ ըսենք. «Ո՛վ Աստուած, ի՞նչ կը զգաս երբ անդադար անգին նուէրներ կը բաշխես մեզի, եւ ապա կը տեսնես որ կը մոռնանք Քեզի երախտապարտ ըլլալ եւ կ՛անտեսենք քու մարդասիրութիւնդ»։ Պատասխանը այն է, թէ Աստուած եւս կը ցաւի, բայց երբեք տեղի չի տար։ Ան միշտ սիրող ու ողորմած Հայր է, եւ կը սպասէ մեր գիտակից դրական պատասխանին։

Այս հասկացողութեամբ, արեւմտեան աշխարհի վաճառականական բնոյթ ստացած Ծնունդը տօնախմբելու մտահոգութենէն ձերբազատած ըլլալով, լռութեան մէջ եւ ամենայն երկիւղածութեամբ բանանք Աստուծոյ սրբազան նուէրը մեզի, գործածենք զայն, ուրաախանանք Անով, եւ մեր ամէնօրեայ կեանքին մաս դարձնենք։ Վստահաբար, մեր երկրաւոր ու ժամանակաւոր կեանքը լրիւ պիտի փոխակերպէ, իմաստաւորէ, հարստացնէ եւ իր հարազատ ուղղութեան մէջ վերահաստատէ, որպէսզի արժանի ըլլանք յաւիտենական կեանքին։

Նոր տարուան սեմին եւ Քրիստոսի Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան նախօրեակին ողջունենք զիրար եւ ըսենք. «Ձեզ եւ մեզ մեծ Աւետիս, Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ