ՈՒՐԲԱԹ, 6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԻՐԱԿԻ, 8 ՅՈՒՆՈՒԱՐ Գ. ՕՐ ԾՆՆԴԵԱՆ
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 1:18-25
Այսպէս պատահեցաւ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը: Իր մայրը՝ Մարիամ, նշանուած էր Յովսէփի հետ, սակայն նախ քան ամուսնութիւնը Մարիամ յղի մնաց Սուրբ Հոգիէն:
Յովսէփ՝ անոր նշանածը, արդար մարդ մը ըլլալուն՝ չուզեց հանրութեան առջեւ խայտառակել զայն, այլ խորհեցաւ լռելեայն ետ ընել իրենց նշանախօսութիւնը: Մինչ այս մասին կը մտածէր, ահա Տիրոջ հրեշտակը երազի մը մէջ երեւցաւ իրեն եւ ըսաւ.
– Յովսէ՛փ, Դաւիթի՛ որդի, մի՛ վախնար ամուսնանալու նշանածիդ՝ Մարիամի հետ, որովհետեւ իր մէջ յղացուածը Սուրբ Հոգիէն է: Որդի մը պիտի ծնի եւ զայն պիտի կոչես Յիսուս, որովհետեւ անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ:
Այս բոլորը պատահեցան, որպէսզի կատարուի այն ինչ որ Տէրը ըսաւ Եսայի մարգարէին միջոցաւ.
«Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի,
եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ»,
որ կը նշանակէ՝ Աստուած մեզի հետ:
Երբ Յովսէփ արթնցաւ, կատարեց ինչ որ Տիրոջ հրեշտակը հրամայեց իրեն եւ ամուսնացաւ իր նշանածին՝ Մարիամի հետ. բայց չյարաբերեցաւ անոր հետ, մինչեւ որ իր անդրանիկ զաւակը ծնաւ, եւ զայն Յիսուս կոչեց:
ՆԱՄԱԿ ՏԻՏՈՍԻ 2:11-15
Որովհետեւ Աստուած իր շնորհքը յայտնեց՝ որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին: Այդ շնորհքը մեզ կը մղէ որ անհաւատ կենցաղէ եւ աշխարհիկ ցանկութիւններէ հեռանանք, զգաստութեամբ, արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ ապրինք այս աշխարհի մէջ, եւ յոյսով սպասենք այն երջանիկ օրուան, երբ մեր մեծ Աստուածն ու փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս իր փառքով պիտի յայտնուի: Որովհետեւ Քրիստոս իր անձը տուաւ մեզի համար, որպէսզի մեզ ազատէ մեր բոլոր անօրէնութիւններէն, եւ մեզ մաքրելով՝ իր սեփական ժողովուրդը դարձնէ, բարի գործերու նախանձախնդիր:
Այս բաները սորվեցուր հաւատացեալներուդ: Քաջալերէ՛ զանոնք եւ ի հարկին յանդիմանէ՝ հեղինակութիւնդ գործածելով, այնպէս որ ոեւէ մէկը քեզ չարհամարհէ:
ՆԱՄԱԿ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-12
Անցեալին բազմաթիւ անգամներ եւ բազմաթիւ կերպերով Աստուած մեր հայրերուն խօսեցաւ մարգարէներուն միջոցաւ, իսկ այս վերջին օրերուն մեզի խօսեցաւ իր Որդիին միջոցաւ: Աստուած զինք ամէն բանի ժառանգորդ կարգեց եւ անոր միջոցաւ էր որ տիեզերքը ստեղծեց: Որդին, Հօրը փառքին լոյսը եւ անոր էութեան ճշգրիտ պատկերը, որ իր խօսքին զօրութեամբ տիեզերքը կը պահէ, իր անձով մեր մեղքերը սրբելէ ետք՝ երկինքի մէջ նստաւ Աստուծոյ՝ Գերագոյն Զօրութեան, աջ կողմը:
Անիկա շատ աւելի բարձր է հրեշտակներէն, ինչպէս Աստուծմէ իրեն տրուած գերազանց անունը ցոյց կու տայ. որովհետեւ ո՞ր մէկ հրեշտակին երբեւիցէ Աստուած ըսաւ. «Դուն իմ Որդիս ես, այսօր քեզ ծնայ»: Կամ ո՞ր մէկ հրեշտակին ըսաւ. «Ես անոր Հայր պիտի ըլլամ եւ անիկա՝ ինծի Որդի»: Դարձեալ, երբ իր անդրանիկ Որդին աշխարհ կը ղրկէր, ըսաւ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակները թող պաշտեն զայն»:
Աստուած իր հրեշտակներուն մասին խօսած ատեն, կ’ըսէ.
«Աստուած իր հրեշտակները ստեղծեց
որպէս պատգամաւոր հոգիներ,
եւ իրեն ծառայողները՝ կրակի բոցի պէս»:
Մինչդեռ Որդիին կ’ըսէ.
«Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտենական է.
արդարութեամբ կ’իշխես թագաւորութեանդ վրայ:
Արդարութիւնը կը սիրես
եւ անիրաւութիւնը կ’ատես:
Ահա թէ ինչու, ո՛վ Աստուած,
քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ,
քու ընկերներէդ աւելի»:
Դարձեալ, ուրիշ տեղ մը Որդիին կ’ըսէ.
«Դուն, ո՛վ Տէր, սկիզբէն ստեղծեցիր երկիրը:
եւ երկինքը քու ձեռագործդ է:
Անոնք պիտի կորսուին.
բայց դուն կաս եւ կը մնաս:
Անոնք հագուստի պէս պիտի մաշին.
վերարկուի մը պէս պիտի ծալլես զանոնք
եւ հագուստի մը պէս փոխես:
Բայց դուն միշտ նոյնն ես
եւ քու տարիներդ վերջ պիտի չունենան»:
ԱԻԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 2:13-23
Երբ մոգերը Բեթլեհէմէն մեկնեցան, Տիրոջ հրեշտակը Յովսէփի երեւցաւ երազի մը մէջ եւ ըսաւ.
– Ե՛լ, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը եւ փախիր Եգիպտոս. հո՛ն մնա մինչեւ որ ըսեմ քեզի, որովհետեւ Հերովդէս կը փնտռէ մանուկը՝ զայն սպաննելու համար:
Յովսէփ արթնցաւ, գիշերով առաւ մանուկն ու անոր մայրը եւ գնաց Եգիպտոս, ուր մնաց մինչեւ Հերովդէսի մահը: Այս ձեւով իրականացաւ Տիրոջ խօսքը, Ովսիա մարգարէի բերնով ըսուած. «Եգիպտոսէն կանչեցի իմ որդիս»:
Իսկ Հերովդէս, երբ տեսաւ որ մոգերը զինք խաղի բերին, սաստիկ զայրացաւ եւ մարդիկ ղրկեց, որպէսզի սպաննեն Բեթլեհէմի մէջ եւ անոր շրջակայքը գտնուող բոլոր երեխաները, որոնք երկու տարեկան եւ կամ աւելի փոքր էին, նկատի առնելով Յիսուսի ծննդեան ժամանակը, որ ստուգած էր մոգերէն: Այսպէս իրականացաւ այն՝ ինչ որ Տէրը Երեմիա մարգարէին բերնով կ’ըսէ.-
«Գոյժ մը լսուեցաւ Ռամայի մէջ,
ողբ, հեծեծանք եւ լացուկոծ դառնագին.
Ռաքէլ իր զաւակներուն համար կու լար
եւ մխիթարուիլ չէր ուզեր,
քանի այլեւս անոնք չկային»:
Հերովդէսի մահէն ետք, ահա Տիրոջ հրեշտակը Եգիպտոսի մէջ Յովսէփի երեւցաւ երազի մը մէջ եւ ըսաւ.
– Ե՛լ, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը եւ վերադարձիր Իսրայէլի երկիրը, որովհետեւ մանուկը սպաննել ուզողները մեռան:
Յովսէփ ելաւ, առաւ մանուկն ու անոր մայրը եւ վերադարձաւ Իսրայէլի երկիրը: Սակայն երբ լսեց որ Արքեղայոսը թագաւորած է Հրէաստանի վրայ՝ իր հօրը Հերովդէսի տեղ, հոն երթալու վախցաւ: Փոխարէնը, երազի մը մէջ իրեն հրամայուածին համաձայն՝ գնաց Գալիլեայի կողմերը եւ եկաւ բնակեցաւ Նազարէթ քաղաքին մէջ, որպէսզի իրականանայ ինչ որ Տէրը կ’ըսէ մարգարէներուն միջոցաւ, թէ Նազովրեցի պիտի կոչուի: