Կաթողիկոսարանէն

ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ (Բ.) ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ

Այս Կիրակի, 15 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հրամանով, մեր Թեմի բոլոր եկղեցիներուն մէջ պիտի ընթերցուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Հայրապետական Գիրը՝ 2023 թուականը դարձեալ Սփիւռքի Տարի հռչակելով։ Ստորեւ կու տանք հռչակագրի ամբողջական բնագիրը։

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, անցնող տարին, 2022-ը, Հայրապետական Հռչակագրով յայտարարեցինք «Սփիւռքի Տարի»։ Անդրադառնալով Սփիւռքի պարզած ներկայ վիճակին, եւ այն հիմնական դրդապատճառներուն, որոնք Մեզ մղե­ցին 2022 տարին հռչակելու Սփիւռքի Տարի, Հռչակագրին մէջ հետեւեալ հաստա­տումը կատարեցինք.–

«Հայօրէն մաշումի ենթակայ Սփիւռ­քը՝ տեղ մը անորոշու­թեան ալիքներու մէջ կ’օ­րօրուի, այլ տեղ՝ փոթո­րիկներու դէմ կը պայ­քարի. տեղ մը՝ նոր ինքնութեան փնտռտուքի մէջ է, այլ տեղ՝ տե­ղայնացումի արագ ընթացքին մէջ է։  Հետեւաբար, այս կացութեան դիմաց Սփիւռ­քի վերակազմա­կերպումը ու վերա­կենսաւո­րումը հրա­մա­յական ան­հրա­ժեշ­տու­թիւն է։ Այս բազմա­տարած ու բազմե­րես ծրա­գիրը իր գործ­­նա­կան ընթացքը կրնայ առնել նախ Սփիւռքի ինքնա­քննու­թեամբ, ինք­նար­­ժե­ւորումով եւ ազգի համայնական կեան­քին մէջ անոր իւրայա­տուկ տեղին ու դերին յստակեցումով։ Այս հսկա­յա­ծաւալ աշխա­տան­քին հարկ է լծուիլ այսօ՛ր. վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ՝ աշխարհի ար­մա­տական ու արագ փոփոխու­թիւն­ներու յոր­ձա­նուտին մէջ ապրող Սփիւռ­քին համար»։ Ապա, մեկնելով Սփիւռքի պարզած անորոշ ու մտա­հոգիչ կացութենէն, շեշտեցինք թէ՝ «Անորոշութիւն­ներով ու տագ­նապ­ներով լեցուն Սփիւռքի ներ­կայ իրավիճակը, մեր եկե­ղեցին, մեր ղեկավար մար­մինները ու մտա­ւորական­ները պէտք է մղէ՝ իրա­պաշտ ոգիով, պատասխա­նատու մօտեցումով ու համա­պար­­փակ տեսլակա­նով տագ­նապելու, մտածելու, քննելու, խորհըր­դակ­ցելու եւ մանաւանդ՝ Սփիւռ­քի ներ­­կան վերա­կազմակեր­պելու ու անոր ապագան հունա­ւորող ճիշդ ճամ­բա­ներ եւ ազդու միջոցներ որո­նելու»։

(…) Հետեւաբար, մէկ կողմէն նկատի ունենալով սկսուած քննար­կում­ներու շարունակման կարեւորութիւնը, եւ միւս կողմէն, քննար­կում­ներէ անդին՝ գործադրութեան հեռանկարներուն եւ միջոց­ներուն յստա­­կեց­ման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս թեմերու շրջագծէն ներս, ներկայ Հայրապետական Գիրով 2023 տարին դարձ­եալ կը հռչակենք

ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ (Բ.)
(Ինքնաքննութենէ՝ վերակազմակերպում) 

շեշտաւորումով։ Մեր սպասումն է որ առանց անտեսելու ինքնա­քննութեան յոյժ կարեւորութիւնը, ներկայ տարուան ընթացքին գործ­նական քայլեր առնուին եւ ծրագիրներ մշակուին՝ մասնաւո­րաբար թեմական շրջագծէն ներս։

Կարդացէք շարունակութիւնը

ԱՐԱՄ Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ