ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ (Բ.) ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ
Այս Կիրակի, 15 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հրամանով, մեր Թեմի բոլոր եկղեցիներուն մէջ պիտի ընթերցուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Հայրապետական Գիրը՝ 2023 թուականը դարձեալ Սփիւռքի Տարի հռչակելով։ Ստորեւ կու տանք հռչակագրի ամբողջական բնագիրը։
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, անցնող տարին, 2022-ը, Հայրապետական Հռչակագրով յայտարարեցինք «Սփիւռքի Տարի»։ Անդրադառնալով Սփիւռքի պարզած ներկայ վիճակին, եւ այն հիմնական դրդապատճառներուն, որոնք Մեզ մղեցին 2022 տարին հռչակելու Սփիւռքի Տարի, Հռչակագրին մէջ հետեւեալ հաստատումը կատարեցինք.–
«Հայօրէն մաշումի ենթակայ Սփիւռքը՝ տեղ մը անորոշութեան ալիքներու մէջ կ’օրօրուի, այլ տեղ՝ փոթորիկներու դէմ կը պայքարի. տեղ մը՝ նոր ինքնութեան փնտռտուքի մէջ է, այլ տեղ՝ տեղայնացումի արագ ընթացքին մէջ է։ Հետեւաբար, այս կացութեան դիմաց Սփիւռքի վերակազմակերպումը ու վերակենսաւորումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է։ Այս բազմատարած ու բազմերես ծրագիրը իր գործնական ընթացքը կրնայ առնել նախ Սփիւռքի ինքնաքննութեամբ, ինքնարժեւորումով եւ ազգի համայնական կեանքին մէջ անոր իւրայատուկ տեղին ու դերին յստակեցումով։ Այս հսկայածաւալ աշխատանքին հարկ է լծուիլ այսօ՛ր. վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ՝ աշխարհի արմատական ու արագ փոփոխութիւններու յորձանուտին մէջ ապրող Սփիւռքին համար»։ Ապա, մեկնելով Սփիւռքի պարզած անորոշ ու մտահոգիչ կացութենէն, շեշտեցինք թէ՝ «Անորոշութիւններով ու տագնապներով լեցուն Սփիւռքի ներկայ իրավիճակը, մեր եկեղեցին, մեր ղեկավար մարմինները ու մտաւորականները պէտք է մղէ՝ իրապաշտ ոգիով, պատասխանատու մօտեցումով ու համապարփակ տեսլականով տագնապելու, մտածելու, քննելու, խորհըրդակցելու եւ մանաւանդ՝ Սփիւռքի ներկան վերակազմակերպելու ու անոր ապագան հունաւորող ճիշդ ճամբաներ եւ ազդու միջոցներ որոնելու»։
(…) Հետեւաբար, մէկ կողմէն նկատի ունենալով սկսուած քննարկումներու շարունակման կարեւորութիւնը, եւ միւս կողմէն, քննարկումներէ անդին՝ գործադրութեան հեռանկարներուն եւ միջոցներուն յստակեցման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս թեմերու շրջագծէն ներս, ներկայ Հայրապետական Գիրով 2023 տարին դարձեալ կը հռչակենք
ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ (Բ.)
(Ինքնաքննութենէ՝ վերակազմակերպում)
շեշտաւորումով։ Մեր սպասումն է որ առանց անտեսելու ինքնաքննութեան յոյժ կարեւորութիւնը, ներկայ տարուան ընթացքին գործնական քայլեր առնուին եւ ծրագիրներ մշակուին՝ մասնաւորաբար թեմական շրջագծէն ներս։
ԱՐԱՄ Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ