Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԲԵՆԵԴԻԿՏՈՍ ԺԶ. ՊԱՊԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ուրբաթ, 13 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, CAMECTի (Քրիստոնեայ Արաբ եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներ Միասին կազմակերպութիւն) նախկին քարտուղար եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Մարոնի Եկեղեցւոյ էքզարք՝ Կրեկորի եպս. Մանսուրի հետ, այցելութիւն մը տուսւ Վատիկանի ՄԱԿի մօտ մնայուն դիտորդ՝ Կապրիէլէ արք. Ճորտանօ Գաչիային։

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Սրբազան Հայրը ցաւակցութիւններ յայտնեց Պատուակալ Պապ՝ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի վախճանման առթիւ։ Հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան ներկայ աշխարհը, յատկապէս՝ Միջին Արեւելքը եւ Հայաստանը յուզող հարցեր։