Prelacy News, Prelacy News

ԱՂՕԹՔՈՎ՝ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽԻ

 Սիրելի Ազգակիցներ,

Ամիսէ մը աւելի կ՛ընէ, որ Արցախեան հայրենիքին մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը անարդար եւ անխիղճ կերպով շրջապատուած ըլլալով, կտրուած են աշխարհէն ու զրկուած՝ ամենէն էական կենսանիւթերէն։

Դահիճ ազգի մոլուցքը կրակի բոցի նման ծաւալելով, կը փորձէ կլանել ու արմատախիլ ընել մեր ժողովուրդի զաւակները, ի սպառ ջնջելու հազարամեակներով այդ նուիրական հողին վրայ ապրած Հայ Քրիստոնեայի հետքերը։

Դժբախտաբար, ինչպէս երեք տարիներ առաջ, այսօր եւս գերպետութիւններ որոնք կարգ ու կանոն հաստատելու պատրուակով կը փորձեն ոստիկանի դեր կատարել եւ միջամտել ազգերու կեանքին մէջ, ինչ-ինչ պատճառներով կամովին կոյր, խուլ եւ համր կը ձեւանան 21րդ դարու այս նոր ցեղասպանութեան դիմաց։ Այսուհանդերձ, որքան աշխարհի լռութիւնը դատապարտելի է, նոյնքան եւ մեղադրելի է մեր լռութիւնը։

«Աղօթք Արցախի համար» ամէնօրեայ մեր յայտագրով կու գանք վստահեցնելու Արցախաբնակ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն որ առանձին չեն, այլ մաս կը կազմեն մեր ամէնօրեայ մտածումներուն, տագնապներուն եւ անելիքներուն։ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ առաջնորդութեամբ պիտի քալենք ընդ հուր եւ ընդ սուր մինչեւ բնականոն կեանքը վերահաստատուի։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա Կաթողիկոս, կոչ ուղղելով հայութեան, հրաւիրեց որ Սփիւռքը զօրաշարժի ենթարկէ իր բոլոր կարելիութիւները, ի խնդիր մարդկային իրաւունքներու պաշտպանման, յԱրցախ եւ համայն աշխարհի մէջ։

Թող աղօթքի այս համեստ խունկը բարձրանալով առ Բարեգութն Աստուած, վերածուի խաղաղութեան ու արդարութեան անձրեւի, եւ մաքրագործէ ու կակուղցնէ քարացած սրտերն ու մտքերը, որպէսզի համերաշխութեան ու համագործակցութեան ոգին ծիածանուի ազգերու երկնակամարին վրայ։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ