Սուրբեր

ԱԹԱՆԱՍ ԵՒ ԿԻՒՐԵՂ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ

Շաբաթ, 21 Յունուարին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Աթանաս եւ Կիւրեղ հայրերու տօնը։ Աթանասը ծանօթ է իբրեւ «ուղղափառութեան ախոյեան» եւ «ուղղափառութեան հայր»։ Ան 45 տարի Աղեքսանդրիոյ եպիսկոպոս եղած է, ներառեալ՝ աքսորի 17 տարիները։ Մասնակցած է Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովին, ուր հռչակուած է իբրեւ աստուածաբանութեան մասնագէտ, երբ դեռ սարկաւագ էր։

412ին, Կիւրեղ Աղեքսանդրիացի իր մօրեղբայր Թէոփիլոսին յաջորդած է իբրեւ Աղեքսանդրիոյ պատրիարք։ Փայլուն աստուածաբան մը եղած է, հետեւելով Աղեքսանդրիոյ աւանդութեան, ու Աթանասի նման մեծապէս գնահատուած է Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ։ Նախագահած է Եփեսոսի երրորդ տիեզերական ժողովին։ Գրած է աշխատութիւններ Ս. Երրորդութեան եւ Մարդեղութեան վարդապետութիւններուն մասին, Յովհաննէսի եւ Ղուկասի աւետարաններու մեկնութիւններ, եւ բազմաթիւ նամակներ ու քարոզներ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *