Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով գուժեցին Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 20 Յունուարին, Լոս Անճելըսի մէջ։ Եփրեմ Արքեպիսկոպոս Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի երկրորդ առաջնորդը եղած է (1977-1985), ինչպէս նաեւ հեղինակած՝ շարք մը հոգեւոր աշխատասիրութիւններ եւ թարգմանութիւններ։
Կիրակի, 22 Յունուարին, Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, հոգեհանգիստ կատարուեցաւ հոգելոյս սրբազանին հոգիին խաղաղութեան համար Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ ։
Վերջին օծումը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 1 Փետրուարին, իսկ թաղումը՝ Հինգշաբթի, 2 Փետրուարին, Լոս Անճելըսի մէջ։