Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Տասնամեակներէ ի վեր, Յունուար 18էն 25 երկարող շրջանը Քրիստոնէութեան Միութեան աղօթքի շաբաթ յայտարարուած ըլլալով, Երեքշաբթի, 25 Յունուարի  երեկոյեան, միջ-եկեղեցական արարողութիւն տեղի ունեցաւ World Trade Centerի մօտ գտնուող St. Nicholas եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ Ուղղափառ Յոյն Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանին եւ մասնակցութեամբ շրջանի հոգեւոր պետերուն եւ ժողովուրդին։  Համաքրիստոնէական աղօթքի արարողութեան մասնակցեցաւ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան վարիչ տնօրէն՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սարկաւագ Գազանճեանի։

Հիւրընկալ Սրբազանը՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոս,  բարի գալուստի խօսքերէ ետք, մաղթեց որ աղօթքի զօրութեամբ զինուած, չվհատինք յաղթահարելու առհասարակ մարդկութեան, եւ ի մասնաւորի  քրիստոնէութեան դէմ աշխարհի յարուցած հոգեւոր պատերազմին։  Կարտինալ Թիմըթի Տոլըն՝ օրուան պատգամաբերը, իր իւրայատուկ  խանդավառ ոճով հրաւիրեց ներկաները, որ աստուածապարգեւ աղօթքի միջոցաւ հաղորդակցութեան մէջ ըլլալով Արարիչին, Հաւատքով, Յոյսով եւ Սիրով անխտիր հաղորդակցինք արարածներուն հետ, որպէս հիմք Եկեղեցւոյ՝ հաւատացեալներու միութեան։

Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, տարբեր աղօթքներով հանդէս եկաւ Եկեղեցիներու Միութեան ընծայուած աղօթքի այս արարողութեան ընթացքին։ Ան նաեւ հրաւիրեց տարբեր եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներ, որպէսզի վկայութիւն տան միութեան զօրացման մասին։

Յաւարտ Արարողութեան, Սրբազան Հայրը անձամբ շնորհակալութիւն յայտնեց Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսին, քրիստոնէական ջերմ սիրով կազմակերպուած այս արարողութիւնը կազմակերպելուն առիթով, եւ մաղթեց որ նմանօրինակ առիթներ յաճախակի ըլլան ամրապնդելու համար Եկեղեցիներու միութիւնն ու գործակցութիւնը։ Ի պատասխան Սրբազան Հօր ջերմ մաղթանքին, Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոս գնահատեց Անուշաւան  Սրբազան Հօր դրական ընդառաջումը եւ անձամբ ներկայութիւնը այս ձեռնարկին, եւ խոստացաւ տարբեր առիթներով առաւել եւս սերտացնել համաքրիստոնէական կապը, ի մասնաւորի  յարաբերութիւնը Ազգային Առաջնորդարանին հետ։

Առ ի գիտութիւն մեր ընթերցողներուն, կ՛ուզենք յայտնել թէ պատմական արժէք ներկայացնող St. Nicholas եկեղեցին, 2001, Սեպտեմբեր 11ին Արեւելեան Ամերիկայի տարբեր նահանգներու մէջ ահաբեկչական գրոհին զոհ գացած միակ հոգեւոր կեդրոնն էր որ հիմնովին կործանեցաւ, եւ որուն վերաշինութիւնը աւարտեցաւ անցեալ տարի։