ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ (30 Յունուար, 1975)
Հայ բանաստեղծութեան մեծագոյն անուններէն մէկուն՝ ստալինեան մաքրագործումներու զոհ Եղիշէ Չարենցի (1897-1937) յիշատակը Երեւանի մէջ կը պահէ անոր տուն-թանգարանը, որ Խորհրդային Հայաստանի Նախարարներու Խորհուրդի որոշումով, Փետրուար 1964ին հիմնադրուած է բանաստեղծի 1935-1937ին ապրած տան մէջ (Մաշտցի պողոտայ թիւ 17)։ Տասը տարուան հաւաքման աշխատանքէ ետք, տուն-թանգարանը իր դռները բացած է 30 Յունուար, 1975ին։
1987 թուականին, Չարենցի ծննդեան 90ամեակին առիթով, շէնքը մասնակի փոփոխութեան ենթարկուած եւ թանգարանի տարածքը ընդարձակուած է։ Տուն-թանգարանի հիմնական ֆոնտին մէջ 8.000է աւելի ցուցանմոյշներ ցուցակագրուած են։
Առաջին ցուցասրահը կը ներկայացնէ Չարենցի ծննդավայր Կարսին հետ կապուած նիւթեր՝ լուսանկարներ, գեղանկարներ, կենցաղային իրեր եւ այլն։ Երկրորդ ցուցասրահը նախատեսուած է թանգարանի ձեռնարկներուն եւ ժամանակաւոր ցուցահանդէսներուն համար։ Երրորդ ցուցասրահը կը ներկայացնէ Չարենցի կեանքն ու գործունէութիւնը։
Թանգարանի ամենէն նուիրական հատուածը յուշատունն է՝ բանաստեղծին բնակարանը, որ չարենցեան ժամանակի նմանութեան վերականգնուած է։ Բնակարանը կահաւորուած է արեւելեան ու եւրոպական իրերու համադրումով։ Պահպանուած է սենեակի կահաւորումը, համադրելով գրասեղանը, թախտը, գաղտնապահարանը, Չարենցի հօրմէն ժառանգուած գորգերը, չինական որմը, Պուտտայի պրոնզէ արձանիկները, «Անտըրվուտ» գրամեքենան, Լէոնարտօ տա Վինչիի, Ֆրա Անճելիքոյի եւ Ճիոթթոյի գործերու վերատպումները։
Չարենցի անձնական գրադարանը կը գտնուի թանգարանի յուշատան մէջ։ Ըստ բանաստեղծի աւագ դուստր Արփենիկ Չարենցի, 1930ական թուականներուն գրադարանը ունեցած է մօտ 6.000 գիրք։ Չարենցի ձերբակալութենէն ետք, գիրքերուն մեծ մասը ոչնչացած է։ Այժմ 1.422 գիրքեր կան գրադարանին մէջ։ Գրադարանը կը ներառնէ հայերէն, ռուսերէն եւ օտար լեզուներով արժէքաւոր գիրքեր։ Շատ գիրքեր բանաստեղծի ինքնագիրը ունին, ինչպէս եւ անոր ձեռքով կատարուած նշումներ լուսանցքներուն վրայ։
Թանգարանի առաջին տնօրէնը եղած է Նուարդ Բաղդասարեան (1975-1983), որուն յաջորդած են Էմմա Բուդաղեան (1983-1989), Լիլիթ Յակոբեան (1989-2016), Անահիտ Ասատրեան (2016-2020) եւ, ներկայիս, Ժաննա Մանուկեան։