ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 5 Փետրուարին, Ս. Սարգիսի տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց ու քարոզեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը սարկաւագ ձեռնադրեց Յարութիւն Գահուէճեանը, իսկ դպիրներ՝ Նիքլըս Եաղտըճեանը, Փօլ Նէնէճեանը, Շահէն Ֆիզըլը եւ Արմէն Ֆիզըլը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Սրբազան Հայրը նախագահեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախումբութեան։ Ձեռնարկին ընթացքին, Տիկնանց Միութեան անդամուհիները ստացան կրծքանշաններ, իսկ տիկ. Էյմի Կոստանեան՝ Ազգ. Առաջնորդարանի գնահատագիրը, եկեղեցւոյ երկարամեայ ծառայութեան եւ յատկապէս պաշտօնավարութեան համար՝ իբրեւ Տիկնանց Միութեան 30ամեայ ատենապետուհի։