Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 12 ՓԵՏՐՈՒԱՐ – Դ․ ԿԻՐԱԿԻ ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 63:18-64:12

 

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 7։37-52

Տօնին վերջին եւ հանդիսաւոր օրը, Յիսուս ոտքի կանգնած՝ բարձրաձայն կ’ըսէր.

Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ: Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ’ըսէ՝ «Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին»:

 

Յիսուս ասիկա կ’ըսէր Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի ընդունէին. իսկ Հոգին տակաւին չէր տրուած, քանի Յիսուս փառաւորուած չէր:

 

Ժողովուրդէն ոմանք երբ լսեցին այս խօսքերը, ըսին.

Ասիկա է ճշմարիտ մարգարէն:

 

Ուրիշներ կ’ըսէին.

Քրիստոսն է:

 

Իսկ ոմանք ալ կ’ըսէին.

Միթէ Գալիլեայէ՞ն պիտի գայ Քրիստոսը: Սուրբ գիրքը չ’ը՞սեր՝ թէ Քրիստոս Դաւիթ թագաւորի սերունդէն պիտի ըլլայ եւ Դաւիթի քաղաքին՝ Բեթլեհէմի մէջ պիտի ծնի:

 

Եւ Յիսուսի պատճառով տարակարծութիւններ յառաջ եկան ժողովուրդին մէջ: Ոմանք ուզեցին ձերբակալել զինք, բայց ոչ ոք համարձակեցաւ ձեռք զարնել:

 

Երբ տաճարին պահակները վերադարձան, աւագ քահանաներն ու Փարիսեցիները հարցուցին անոնց.

Ինչո՞ւ զինք հոս չբերիք:

 

Պահակները պատասխանեցին.

Այս մարդուն պէս խօսող երբեք չենք տեսած:

 

Փարիսեցիները ըսին.

Ի՞նչ, դո՞ւք ալ խաբուեցաք: Իշխանաւորներէն կամ Փարիսեցիներէն ոեւէ մէկը հաւատա՞ց անոր: Մեր Օրէնքը չգիտցող տգէտ ամբոխը միայն հաւատաց: Անոնք արդէն իսկ նզովուած են:

 

Նիկոդեմոս, Փարիսեցիներէն մէկը, որ նախապէս գիշերով եկած էր Յիսուսի մօտ, ըսաւ անոնց.

 

Արդեօք մեր Օրէնքը մարդս կը դատէ՞ նախքան զինք լսելը եւ գիտնալը թէ ի՛նչ ըրած է:

 

Անոնք պատասխանեցին Նիկոդեմոսի.

Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլեայէն ես. քննէ՛ Սուրբ գիրքերը եւ պիտի տեսնես, թէ Գալիլեայէն մարգարէ չ’ելլեր:

 

 

 

ՆԱՄԱԿ ՏԻՏՈՍԻ 1։1-11

 

Ես Պօղոս, Աստուծոյ ծառան եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, կոչուած եմ Աստուծոյ ընտրեալները բերե-լու հաւատքի եւ ճշմարտութեան ճանաչումին, այն ճշմարտութեան՝ որ աստուածպաշտութեամբ կը գտնուի, որպէսզի յաւիտենական կեանքի յոյսը ունենան: Յաւիտենական ժամանակներէն իսկ առաջ՝ անսուտն Աստուած ինք խոստացաւ այդ կեանքը, իսկ հիմա՝ յարմար ժամանակը հասած համարելով՝ այդ խոստումը յայտնեց իր Աւետարանով, որուն քարոզութեան կոչուեցայ մեր փրկիչ Աստուծոյն հրամանով:

Ո՛վ Տիտոս, մեր հասարակաց հաւատքի ճամբով իմ հարազատ որդիս, թող Հայրն Աստուած եւ մեր փրկիչը Քրիստոս Յիսուս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն քեզի:

Քեզ Կրետէ թողուցի, որպէսզի եկեղեցիին պէտքերը հոգաս եւ զայն կազմակերպես՝ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ երէցներ կարգելով, ինչպէս որ քեզի պատուիրեցի: Երիցութեան թեկնածուն պէտք է անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ այր ըլլայ եւ հաւատացեալ զաւակներ ունենայ, որոնք անառակութեամբ եւ անհնազանդութեամբ ամբաստանուած չըլլան: Արդարեւ, եպիսկոպոսը՝ որպէս Աստուծոյ տնտես, պէտք է անմեղադրելի ըլլայ: Պէտք չէ յանդուգն, բարկացող, գինեմոլ, կռուազան կամ շահամոլ ըլլայ, այլ՝ հիւրասէր, բարին սիրող, զուսպ, արդար, մաքուր եւ ժուժկալ: Պէտք է ամրօրէն պահէ իր սորված վստահելի վարդապետութիւնը, որպէսզի կարենայ ուղիղ ուսուցումով յորդորել ուրիշները եւ յանդիմանել հակառակորդները:

Որովհետեւ բազմաթիւ անհնազանդներ, դատարկախօսներ եւ միտք պղտորողներ կան, մանաւանդ հրէութենէ դարձածներուն մէջ, որոնց բերանը պէտք է փակել, որովհետեւ անոնք ամբողջ տուներ կը քանդեն, շահամոլութենէ տարուած ուսուցանելով բաներ, որ պէտք չէ ուսուցանել: