Երկուշաբթի, 13 Փետրուարին, Ս. Աստուածածին (Ուայթընզիլ, Մէսէչուսէթս), Ս. Երրորդութիւն (Ուստըր, Մէսէչուսէթս) եւ Ս. Վարդանանց (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) եկեղեցիներու հոգեւորականներ, ծխականներ եւ բարեկամներ հաւաքուեցան Տեառնընդառաջը նշելու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Արարողութեան նախագահեց Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, եւ անոր մասնակցեցան Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան, Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան, Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան, Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան եւ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան։
Արարողութենէն ետք, տեղի ունեցաւ մանուկներու ներկայացումը խորանին։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու թափօրը՝ աւանդական խարոյկը վառելու համար։ Աւարտին, հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։