Տիգրան Փօլատ ծնած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս). 23 Մարտ, 1874ին։ Հայրը հայ էր, մայրը՝ լեհ։ Եգիպտոսի ապագայ վարչապետ Նուպար փաշայի սանն էր։ Նախնական ուսումը ստանալէ ետք ծննդավայրի յիսուսեաններու դպրոցին մէջ, 17 տարեկանին ընտանիքով հաստատուած է Ֆրանսա՝ Փարիզի արուարձաններէն Վէնվի մէջ, ուր յաճախած է «Միշըլէ» լիկէոնը։ Այնուհետեւ, մտած է Փարիզի համալսարանը, ուր ուսանած է իրաւաբանութիւն, բայց իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանելէ առաջ լքած է ուսումը, նուիրուելու համար արուեստներու։
Արդարեւ, մանկութենէն գծագրութեան հանդէպ մեծ սէր ցոյց տուած Փօլատը որոշած է հետեւիլ իր նախասիրութեան, հակառակ հօր ցանկութեան։ Մտած է Ժուլիան գեղարուեստի ակադեմիան, ուր աշակերտած է յայտնի նկարիչ Ժան-Փօլ Լօրանսին եւ նոյնքան յայտնի փորագրիչ Բենժամին-Քոնսթանին։ Սորված է նաեւ շարունակած է հայազգի ծանօթ նկարիչ եւ փորագրիչ Էտկար Շահինի (1874-1947) արուեստանոցին մէջ։
Նուիրուելով փորագրութեան, Փօլատ դարձած է գիրքի նկարազարդման նրբաճաշակ ու հմուտ վարպետ, նկարազարդելով Անաթոլ Ֆրանսի, Փօլ Վալերիի, Վիրգիլիոսի գործեր, եւ յատկապէս համբաւի տիրանալով Լաֆոնթէնի «Առակներ»ու ակադեմական հրատարակութեան պատկերազարդումով (1930)։ Անոր արուեստը յատկանշուած է դիտողականութեամբ ու նուրբ արտայայտչականութեամբ, ինչպէս եւ սեւ ու ճերմակի հարուստ երանգաւորումով։ Մասնակցած է ֆրանսացի նկարիչ-փորագրիչներու ընկերութեան տարեկան ցուցահանդէսներուն եւ երկու անգամ արժանացած՝ առաջին մրցանակի։ 1926ին անդամակզած է «Անի» հայ արուեստի շրջանակին եւ յաջորդ տարի մասնակցած է այդ խմբակցութեան ցուցահանդէսին աւելի քան 30 աշխատանքներով։ Ընտրուած է ֆրանսացի նկարիչներու սալոնի դատակազմի անդամ։
Բ. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, Փոլատ տեղափոխուած է Շարթրի շրջանի Շարփոն աւանը, ուր իր մահկանացուն կնքած է 17 Փետրուար, 1950ին։ Կարգ մը աշխատանքներ կը գտնուին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ։