ԱՒԱՐԱՅՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՐՑԱԽ
Որքա՜ն հրապուրիչ պիտի ըլլար դէպի ետ երթալ եւ հայոց պատմութիւնը վերստին գրել ու մեր բարոյական յաղթանակները վերածել նաեւ զինուորական յաղթանակներու։ Սակայն, ժամանակի եւ միջոցի օրէնքները այդպէս չեն աշխատիր։
Մինչ մեր ազգը անխուսափելիօրէն դէպի յառաջ կը քալէ, մեր գիտակցութեան մէջ հազարամեակներու գոյութեան ծանրութիւնը կրելով, կրնանք նաեւ յետադարձ հայեացքով դիմել մեր պատմութեան ընթացքին կուտակուած իմաստութեան։ Սովորութիւնը անկարեւորութիւն կը ստեղծէ, ուստի հակած ենք անցեալի գլխաւոր դէպքերուն վրայէն անցեալի յաւուր պատշաճի անդրադարձներով, որոնք ձանձրացուցիչ դառնալու վտանգը կը բերեն իրենց հետ։
Այսուհանդերձ, պատմական թուականները, ինչպէս Սրբոց Վարդանանց տօնը, զոր կը նշենք այսօր, 16 Փետրուար, յետադարձ հայեացքի առիթներ են, որ մեզի թոյլ կու տան նոր դասեր քաղել իրադարձութիւններէ, որոնք տարբեր աշխարհի մը ու դարաշրջանի մը կը պատկանին եւ սակայն տակաւին այժմէականութիւն կը բուրեն։ Արդեօք ի՞նչ է հայոց ու Հայաստանի, ներառեալ իր անբաժան մասնիկ Արցախի, դիմագրաւած մարտահրաւէրը այսօր, եթէ ոչ մեր ինքնութիւնը պահպանելու պայքարը։
Մինչ հայոց պատմութեան գլխաւոր թուականներուն մասին կարելի է հատորներ գրել, թերեւս բարոյական դասը խաբուսիկ կերպով պարզ է, ինչպէս Ուինսթըն Չըրչիլ զայն հանրագումարի բերաւ, երբ աշխարհը կը ներքաշուէր կործանման օրհասական յորձանուտի մը մէջ եւ բրիտանական դահլիճին մէջ ձայնր կը լսուէին՝ հաշտարարութիւն քարոզելով. «Կռուելով ինկած ազգերը նորէն ոտքի ելան, բայց անոնք, որ հնազանդօրէն յանձնուեցան՝ իրենց վերջը գտան»։
Մեր տղաքը հազարներով թաղուած են Եռաբլուրի մէջ, ու մեր սրտերը ամէն օր կ՚արիւնին անոնց անժամանակ մահուան համար։ Անոնք ինկան կռուելով 2020ին եւ դարձեալ 2022ին մեր ազգի գոյութեան եւ հայ ըլլալու իրաւունքին ի խնդիր։ Ինչպէս անոնց նախնիները Աւարայրի մէջ, 451ին, անոնց յաղթանակը «միայն» բարոյական չէր։ Անոնք ապահովեցին մեր վերապրումն ու վերելքը, նորէն ու նորէն, պարտութեան եւ ցեղասպանութեան անյատակ խորութիւններէն։