Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ԽՈՆԱՐՀ ՍՐՏԻ ՆՈՒԷՐ ՄԸ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Տասը օրեր եւ աւելի անցած են այն ահաւոր երկրաշարժէն, որ տեղի ունեցաւ Հայկական Կիլիկիոյ, ներկայի Թուրքիոյ մէջ, որ ծանր հետեւանքներ ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպ քաղաքին մէջ, իր ետին թողլով 41,000է աւելի մահեր եւ 114,000է աւելի վիրաւորներ, հազարաւոր փլատակ շէնքեր եւ հոգեբանական ու նիւթական անհամար վնասներ։

Որքան որ մայր բնութեան պատճառած աղէտը սարսափելի էր, նոյնքան եւ մարդկային անմիջական պատասխանը  հրաշալի էր՝ աղէտի շրջանի բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին կողմէ։ Մարդկայնութեան ճշմարիտ ոգին անգամ մը եւս բոցավառուելով, բոլոր մակարդակներու վրայ ծայր առին մարդասիրական նախաձեռնութիւնները։

Այս առթիւ, կ՛ուզեմ անձնական փորձառութիւն մը բաժնել ձեր հետ, որ խորապէս ազդեց վրաս, անգամ մը եւս ականատես ըլլալով այն իրողութեան, թէ ինչպէս տառապանքը, որ կրնայ ծանր վնասներ պատճառել, միաժամանակ մեր մէջ կը թարմացնէ աստուածային սիրոյն մաքրամաքուր կնիքը։

Երկրաշարժի յաջորդ օրն իսկ, համեստ եկամուտի տէր երիտասարդ մը մօտենալով ինծի, նկարագրեց, թէ ինչպէս ինք եւ կինը տագնապած էին նախորդ գիշեր դիտած ըլլալով աղէտի ցաւալի տեսարանները։ Ապա, ան հետեւեալը ըսաւ․ «Տիկինս արցունքոտ աչքերով ըսաւ՝ սիրելիս, հաճիս Վէլընթայնի օրուան աւանդական մեր ճաշը ջնջէ, եւ փոխարէնը հարիւր տոլարի չէք մը յանձնէ Սուրիահայ Օգնութեան ֆոնտին։»

Պահ մը պապանձեցայ, անակնկալի գալով ճշմարիտ սիրոյ արտայայտութիւնը եղող այս արարքէն, որ կ՛անդրանցնէր նուէրին տարողութիւնը, մեր մէջ արթնցնելով տոկուն գիտակցութիւնը, թէ Աստուծոյ պատկերը կրող արարածներ ենք, եւ բարութիւնը մեր էութեան մաս կը կազմէ։ Անմիջապէս, ջերմօրէն ողջագուրեցի զինք, ըսելով՝ «Կը հաւատամ որ Աստուած կը գործէ քեզի նման մարդոց ընդմէջէն>՛

Որքան զգացուած եմ ըսելու, թէ այս զոյգին համեստ նուէրը բազում անգամ բազմապատկուելով, շնորհիւ մեր Հոգեւոր հովիւներու եւ Ծուխերու ջերմեռանդ գործակցութեան, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոսի կոչին ընդառաջելով, սուրիահայ օժանդակութեան մեր նպաստը արդէն իսկ հասած է 57.885 տոլարի։

Թող Բարեգութն Աստուած իր ողորմութիւնը ցօղէ բոլորիս վրայ եւ առաջնորդէ մեզ բարի գործեր կատարելու։

Աղօթարար՝

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ՝
Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին