Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ՝ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՔԻՆ

Սուրիոյ աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով, Հինգշաբթի, 16 Փետրուարի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական այցելութիւն մը կատարեց Հալէպ՝ սուրիահայութիւնը գօտեպնդելու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը յայտնելու անոր:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Վեհափառ Հայրապետն ու իր շքախումբը դիմաւորեցին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպիսկոպոս, կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Գերպ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի ընդհանուր հիւպատոսարանի խորհրդական Բաբգէն Բադալեան, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբի պատասխանատուն, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներու, դպրաց դասերու, Ս.Ե.Մ.-ի, Սուրիոյ պատանեկան միութեան անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տարազաւոր սկաուտներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:

Աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը թափօրով եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր հանդիսապետեց Սրբոց Վարդանանց տօնին նուիրուած պատարագին` հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան:

Գերշ. Տ. Մակար Եպիսկոպոս ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը, որ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ հաստատեց. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր թեմերով, կառոյցներով, մարմիններով, իր բոլոր կարելիութիւններով ձեզի հետ է, սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, Սուրիոյ տարածքին հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Կը ցաւիմ, որ մենք վնասներ, մահեր ունեցանք այստեղ, նաեւ նախկին Կիլիկեան աշխարհի մեր քաղաքներուն մէջ` Մալաթիա, Մարաշ, Իսկենտերուն… այս բոլորը կը յիշենք այսօր, որպէսզի Աստուած իր երկնքի թագաւորութեան մէջ ընդունի հոգիները զոհերուն, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ բոլոր հիւանդներուն, վիրաւորներուն: Տակաւին վիրաւոր են մեր ժողովուրդի զաւակները, գիտեմ. յառաջիկայ ժամերուն աւելի մօտէն ամբողջական կերպով պիտի իմանամ, թէ ի՛նչ են կարիքները, մտահոգութիւնները մեր ժողովուրդի զաւակներուն, եւ մեր կարելին, գերագոյնը պիտի կատարենք, որպէսզի ձեր ցաւերը բուժուին, ձեր մտահոգութիւնները վերանան, որպէսզի կարենանք միասնաբար ծառայել մեր ժողովուրդի զաւակներուն»:

Պատարագէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը լրատուամիջոցներուն դիմաց կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` չեղեալ նկատելու Սուրիոյ վրայ սահմանուած պատժամիջոցները եւ փութալու աղէտահար ժողովուրդի օգնութեան:

Աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում եւ աջահամբոյր: Արամ Ա. Կաթողիկոս այս առիթով շնորհաւորեց Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը` առաջնորդ ընտրուելուն առիթով, եւ գնահատեց ընտրութեան առաջին իսկ օրէն իր բերած ծառայութիւնը, յատկապէս երկրաշարժի օրերուն: Ան գնահատեց Ազգային երեսփոխանական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը, Կրօնական ժողովը եւ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն ազգանուէր գործունէութիւնը, յայտնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը:

Միջօրէին, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շքախումբով այցելեց Կիլիկեան ճեմարան եւ մօտէն ծանօթացաւ երկրաշարժէն անոր կրած վնասներուն: Վեհը գնահատեց Կիլիկեան ճեմարանի տեսչութիւնը, ուսուցչական կազմը, խնամակալութիւնը եւ բոլոր ծնողները, մաղթելով, որ հակառակ տիրող դժուարութիւններուն, միասնաբար շարունակեն կրթութեան եւ դաստիարակութեան նուիրեալ աշխատանքը: Այնուհետեւ, ան այցելեց Հայաստանի որոնողա-փրկարարական խումբին գործուղուած Շաար թաղամասը եւ ծանօթացաւ տարուած աշխատանքին, որմէ ետք մեկնեցսւ Ազիզիէ թաղամասին մէջ փուլ եկած շէնքը, ուր հայ ընտանիք կը բնակէր: Հայրապետը հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց երկրաշարժին պատճառով զոհուած ընտանիքի երկու անդամներու հոգիներուն խաղաղութեան համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Յետմիջօրէին,  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով այցելեց Հալէպի նահանգապետ Հիւսէյն Տիապին եւ կուսակցապետ Ահմետ Մանսուրին, ցաւակցութիւն յայտնելով երկրաշարժին զոհուած սուրիացիներուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով բոլոր վիրաւորներուն:

Երկուշաբթի, 20 Փետրուարին, 6,4 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը դարձեալ ցնցեց հարաւային Կիլիկիոյ շրջանները, յատկապէս Անտիոքն ու Ալեքսանտրէթը, հասնելով մինչեւ Սուրիա՝ Քէսապ, Հալէպ, Լաթաքիա։ Երկրաշարժը ամէնէն շատ վնաս հասցուցած է Քէսապի մէջ։ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ տասնեակ մը տուներ մեծ վնասներու ենթարկուած են։ Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Հալէպի ու Քէսապի հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ, աղօթելով, որ Աստուած հեռու պահէ յատկապէս շրջանի մեր ժողովուրդը նման չարիքներէ եւ վիրաւորներուն ու հիւանդներուն շուտափոյթ ապաքինում ու առողջութիւն պարգեւէ։