ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
Կիրակի, 19 Փետրուարին, Սրբոց Վարդանանց տօնին առթիւ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց ու քարոզեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ։
Յընթացս Սուրբ Պատարագին, դպիր ձեռնադրուեցան Շահէն Աթթարեան եւ Սարգիս Նասր։ Սրբազան Հայրը քարոզին բնաբանը առնելով «եթէ ցորենի հատիկը մեռնի՝ բազում արդիւնք կու տայ», սուրբ գրային եւ հայոց պատմութեան դրուագներու ընդմէջէն հաւատացեալներու սրտերուն մէջ թարմացուց զոհողութեան գերագոյն նպատակը, շեշտելով այն ճշմարտութիւնը, թէ երբ Հաւատքի մեր զօրագլուխին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի առաջնորդութեամբ վարենք մեր կեանքը, Իրեն նման կը յաղթահարենք մեր դէմ ցցուած երեւելի եւ աներեւոյթ ամէն պատուար։ Խօսքը ուղղելով ՀՄԸՄի ընտանիքի մատղաշ սերունդին, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեռայ վարժարանի աշակերտներուն, քաջալերեց զիրենք որ իրենց ծնողներէն եւ ուսուցիչներէն ժառանգած արժէքներուն հակոտնեայ ինչպիսի անձինք փորձեն շեղեցնել զիրենք դարաւոր մեր ուղիէն, զօրանա՛ն Վարդանանց ոգիով։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ տոհմիկ ճաշկերոյթ, Արանց եւ Տիկնանց յանձնախումբերուն պատրաստութեամբ, որ սպասարկուեցաւ ՀՄԸՄի անդամներուն կողմէ։ Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քնհ. Նազարեանի աղօթքէն ետք, հանդիսավար տիար Կարօ Թաշճեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, ծանօթացուց պատուոյ սեղանի հիւրերը, եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ․ Գաբրիէլ եւ երէցկին Տէպի Նազարեան, Արժպ. Տ․ Կոմիտաս Ա. Քհն․ Պաղսարեան՝ Թրոյի Ս․ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ, տիար Յակոբ Խաչատուրեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ, եւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ ատենապետ՝ տիար Լեւոն Աթթարեանը, որ հակիրճ պատկերով ներկայացուց եկեղեցւոյ գործունէութիւնը եւ ապագայի ծրագիրները։ Ապա հրաւիրեց տիկ. Սառա Մուրաճեանը եւ տիար Արամ Մատոյեանը, որպէսզի ստանան Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագրերը իրենց բազմամեայ անսակարկ ծառայութեան համար։ Տ. Գաբրիէլ Քհն. շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծխականներուն եւ մարմիններուն իրենց անվերապահ նուիրումին համար, որով եկեղեցին յարատեւ կերպով կ՛աճի։
Այնուհետեւ, Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները Վարդանանց տօնի յատուկ յայտագիր մը գործադրեցին, որ շաղկապեց երէց եւ նորահաս սերունդները նոյն ապագայի անմար կայծով։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր անհուն ուրախութիւնը յայտնեց Նախախնամութեան անունով կնքուած այս քաղաքի հայ համայնքի բոլոր մարմիններու միջեւ շինիչ համագործակցութիւնը։ Վարդանանց խորհուրդի թանկագին աւանդը մեզի, ըսաւ սրբազան հայրը, առողջ, անձնուէր եւ հեռատտես ղեկավարութեան համախմբումն է։ Ըստ այնմ, ան բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ եւ քոյր կազմակերպութեանց ղեկավարութեան ներդաշնակ եւ դրական գործակցութիւնը, եւ որպէս վկայութիւն ըսաւ, թէ խորապէս զգացուած էր, երբ խորանին վրայ տեսած էր դպիր մը, որ Պատարագէն ետք ՀՄԸՄականի տարազով շարունակած էր ծառայել ճաշկերոյթին։ Ասիկա, եզրակացուց Սրբազան Հայրը, ամենէն խօսուն պատգամն է, որ կը ցոլացնէ համայնքի եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարութեան դրական գործակցութիւնը։ Միաժամանակ, մաղթեց որ այս ոգին մղիչ ոյժը ըլլայ մեր բոլոր համայնքներէն ներս։
Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա․ Քահանայի աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ 83րդ տարեդարձի տօնախմբութիւնը։