ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 54.11-55.13
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 15:1-32
Շատ մը մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ Յիսուսի կու գային՝ զինք լսելու համար: Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները սկսան տրտնջալ, ըսելով.
– Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ այս մարդը մեղաւորները կ’ընդունի եւ անոնց հետ կը ճաշէ:
Յիսուս հետեւեալ առակը պատմեց անոնց.
– Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը հարիւր ոչխար ունի: Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր ինըսունինը ոչխարները արօտավայրին մէջ եւ չ’ե՞րթար կորսուածին ետեւէն, մինչեւ որ գտնէ զայն: Եւ երբ գտնէ՝ ուրախութեամբ իր ուսերուն վրայ կը դնէ ոչխարը եւ տուն կը դառնայ, կը կանչէ իր բարեկամներն ու դրացիները եւ կ’ըսէ անոնց. «Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ կորսուած ոչխարս գտայ»: Կ’ըսեմ ձեզի, երկինքի մէջ նոյնպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ մէկ ապաշխարող մեղաւորի համար, քան ինըսունինը արդարներու համար, որոնք ապաշխարութեան պէտք չունին:
– Կամ ենթադրենք թէ կին մը տասը արծաթ դահեկան ունի: Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, ճրագը չի՞ վառեր եւ տունը ուշադրութեամբ չ’ա՞ւլեր, մինչեւ որ դահեկանը գտնէ: Եւ երբ գտնէ, կը կանչէ իր բարեկամուհիներն ու դրացիները եւ կ’ըսէ անոնց. «Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ կորսնցուցած դահեկանս գտայ»: Կ’ըսեմ ձեզի, Աստուծոյ հրեշտակները նոյն ձեւով պիտի ուրախանան մեղաւորի մը համար, որ կ’ապաշխարէ:
Ապա շարունակեց.
– Մարդ մը երկու որդի ունէր: Կրտսերը հօրը ըսաւ. «Հա՛յր, քու ստացուածքէդ ինծի ինկած բաժինը հիմա՛ տուր ինծի»: Եւ հայրը իր զաւակներուն միջեւ բաժնեց իր ունեցածը: Քանի մը օր ետք, կրտսեր զաւակը առաւ իր ամբողջ հարստութիւնը եւ հեռու երկիր մը գնաց: Հոն անառակ կեանք մը ապրելով՝ մսխեց հարստութիւնը եւ սպառեց իր ամբողջ ունեցածը:
Պատահեցաւ որ այդ երկրին մէջ մեծ սով մը տիրեց, երբ արդէն ինք սկսած էր աղքատանալ: Ուստի գնաց այդ երկրի քաղաքացիներէն մէկուն քով ծառայ եղաւ, եւ անիկա իր ագարակը ղրկեց զինք՝ խոզ արածելու համար: Նոյնիսկ պատրաստ էր խոզերուն կերած եղջիւրներէն իր փորը լեցնելու, սակայն ոչ ոք կու տար իրեն: Երբ անդրադարձաւ իր վիճակին, ինքնիրեն ըսաւ. «Հօրս տան մէջ քանի՜ գործաւորներ կան, որոնք իրենց պէտք եղած կերակուրէն աւելին ունին, մինչ ես հոս անօթութենէ կը մեռնիմ: Ելլեմ երթամ հօրս քով եւ ըսեմ իրեն.- Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ»: Ապա ելաւ եւ հօրը քով գնաց:
Տակաւին տունէն բաւական հեռու էր, երբ հայրը տեսաւ զինք ու գթաց. վազելով դիմաւորեց զայն, վիզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց: Որդին հօրը ըսաւ. «Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու»: Հայրը իր ծառաներուն հրամայեց. «Անմիջապէս բերէք լաւագոյն պատմուճանը եւ հագցուցէք իրեն. մատանի անցուցէք իր մատին եւ կօշիկ տուէք իրեն: Բերէ՛ք պարարտ հորթը, մորթեցէք, ուտենք եւ ուրախանանք: Որովհետեւ իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»: Եւ սկսան խրախճանքի:
Մինչ այդ, երէց զաւակը ագարակ կը գտնուէր: Վերադարձին, երբ տան մօտեցաւ, երգի ու պարի ձայներ լսեց: Կանչեց ծառաներէն մէկը եւ հարցուց թէ ի՛նչ կայ: Ծառան ըսաւ իրեն. «Եղբայրդ եկաւ, եւ որովհետեւ ողջ-առողջ վերադարձաւ, հայրդ պարարտ հորթը մորթեց»: Երէց եղբայրը զայրացաւ եւ չուզեց ներս մտնել: Այս մասին իմանալով, հայրը դուրս ելաւ եւ աղաչեց որ ներս մտնէ: Իսկ անիկա պատասխանեց. «Տարիներէ ի վեր քեզի կը ծառայեմ. ոեւէ մէկ հրահանգդ չանտեսեցի, եւ սակայն նոյնիսկ ուլ մը չտուիր ինծի, որ ուրախանայի բարեկամներուս հետ: Մինչդեռ, երբ եկաւ այդ որդիդ, որ քու ստացուածքդ պոռնիկներուն հետ մսխեց, պարարտ հորթը մորթեցիր անոր համար»: Հայրը ըսաւ. «Տղա՛ս, դուն միշտ ինծի հետ ես եւ ամբողջ ունեցածս քուկդ է: Սակայն հիմա պէտք է ուրախանանք եւ ցնծանք, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»:
Բ. ՆԱՄԱԿ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:1-7:1
Արդ, որովհետեւ Աստուծոյ գործակիցներն ենք, կ’աղաչենք ձեզի, մի՛ վատնէք Աստուծմէ ձեր ստացած շնորհքը: Որովհետեւ Աստուած կ’ըսէ.-
«Երբ յարմար ժամանակը եկաւ՝ լսեցի քեզ,
երբ փրկութեան օրը հասաւ՝ օգնեցի քեզի»:
Ահա հիմա՛ է այդ յարմար ժամանակը. հիմա՛ է փրկութեան օրը:
Ոեւէ բանով պատճառ մի՛ ըլլաք որ Աստուծոյ գործը խափանուի կամ վարկաբեկուի. այլ՝ բոլոր պարագաներուն ալ, դուք ձեզ ցոյց տուէք որպէս Աստուծոյ պաշտօնեաներ, մեծ համբերութեամբ յանձն առնելով նեղութիւնը, վիշտը, չարչարանքը, ծեծը, բանտը, խռովարարներու վայրագութիւնները, յոգնութիւնը, անքնութիւնը, անօթութիւնը: Այս բոլորը տարէք՝ մաքուր սրտով, գիտակցօրէն, համբերատարութեամբ, քաղցրութեամբ, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով, ճշմարտութիւնը քարոզելով, Աստուծոյ զօրութեամբ եւ արդարութեամբ զինուած՝ չարին դէմ յարձակելու եւ ինքզինք պաշտպանելու համար: Մի՛ այլայլիք՝ ո՛չ փառքէն եւ ո՛չ անարգանքէն, ո՛չ գովասանքէն եւ ո՛չ մեղադրանքէն: Մարդիկ մոլորած թող ըսեն մեզի. մենք գիտենք թէ ճշմարտութենէն չենք շեղած: Թող չուզեն մեզ ճանչնալ. մենք գիտենք թէ մեզ լաւ կը ճանչնան: Թող մեռած սեպեն մեզ. մենք ահա կենդանի ենք: Թող մեզ պատժապարտ համարեն. մենք գիտենք թէ մահուան դատապարտութենէն ազատած ենք: Թող մեր կեանքը տխուր կարծեն. մենք միշտ ուրախ ենք: Աղքատ թող սեպեն. մենք շատերու կեանքերը կը ճոխացնենք: Այո՛, կը թուի թէ ոչինչ ունինք, մինչդեռ ամէն ինչ ունինք:
Ահա, սիրելի՛ Կորնթացիներ, ամէն ինչ բաց եւ անկեղծ սրտով ըսի ձեզի: Դուք ինչո՞ւ կը դժուարանաք արտայայտուելու: Ո՛չ իմ պատճառովս հարկաւ, այլ պարզապէս՝ ձեր սէրը արտայայտելու կը քաշուիք: Բայց կ’ուզեմ որ ինծի պէս բանաք ձեր սիրտերը եւ ազատօրէն խօսիք դուք ալ. չէ՞ որ իմ զաւակներս էք դուք:
Բնաւ անհաւատներուն լծակից մի՛ ըլլաք: Ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ արդարը անօրէնին հետ, կամ ի՞նչ նոյնութեան եզր կրնայ ըլլալ լոյսին ու խաւարին միջեւ: Ի՞նչ համաձայնութիւն կրնայ ըլլալ Քրիստոսի եւ Սատանային միջեւ, կամ ի՞նչ գործ ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ: Ի՞նչ նմանութիւն կայ Աստուծոյ տաճարին եւ մեհեաններուն միջեւ:
Արդարեւ, մե՛նք ենք կենդանի Աստուծոյ տաճարը, ինչպէս Աստուած ինք ըսաւ.-
«Անոնց մէջ պիտի բնակիմ
եւ անոնց հետ պիտի ապրիմ:
Ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ
եւ անոնք՝ իմ ժողովուրդս»:
Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած կը հրահանգէ մեզի.-
«Անջատ եւ հեռո՛ւ կեցէք հեթանոսներէն.
պիղծ բաներու մի՛ դպչիք,
եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ:
Ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ
եւ դուք իմ տղաքս ու աղջիկներս պիտի ըլլաք,-
կ’ըսէ ամենակալ Տէրը»:
Սիրելինե՛ր, այս խոստումները մեզի եղած են: Ուստի հեռո՛ւ մնանք մարմնական եւ հոգեկան ամէն պղծութենէ, մենք մեզ կատարելապէս մաքրենք՝ Աստուծոյ երկիւղովը ապրելով: