ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Մեծ Պահքը սկսաւ Երկուշաբթի, 20 Փետրուարին։ Աղօթքի, քաւութեան, պահեցողութեան եւ բարեպաշտութեան ժամանակաշրջան մըն է, խիստ անձնական հոգեկան ճամբորդութիւն մը, որուն հիմքը Քրիստոսի անապատին մէջ անցուցած 40 օրն է՝ մկրտութենէն ետք։ «Յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ Սատանայէն փորձուելու համար: Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցընելէ ետք՝ անօթեցաւ» (Մատթէոս 4:1-2)
Յաճախ մեր հաւատացեալները հարց կու տան, թէ ի՞նչ թոյլատրուած է ուտել Մեծ Պահքի ժամանակ։ Որպէս ընդհանուր կանոն, մեր Եկեղեցւոյ յանձնարարութեամբ, միս կամ կենդանական արտադրութիւններ (ներառեալ կաթնեղէն եւ հաւկիթ) չեն ուտուիր։
Ընդհանրապէս, Մեծ Պահքի շրջանի կանոնները կը տարբերին մէկ Եկեղեցիէն միւսը եւ ժամանակի ընթացքին փոփոխութեան ենթարկուած են։ Ասիկա նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ կը վերաբերի։ Մինչ ըմպելիներու եւ կարգ մը ուտելիքներու (իւղ եւ մեղր ներառեալ) վերաբերեալ անորոշութիւններ կան, գիտենք, որ ծոմապահութիւնը շատ խիստ էր հին ժամանակներուն։ Մեծ Պահքի անուններէն մէկը՝ «Աղուհաց», տառացիօրէն կը նկարագրէ հայ վանականներու, եկեղեցականներու եւ վստահաբար շատ մը հաւատացեալներու սննդականոնը, գոնէ շաբթուան հինգ օրերու ընթացքին՝ Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ, երբ անոնց միակ սնունդը հացը, աղը եւ ջուրն էր։