ԱՐԺՊ. Տ. ԹՈՐԳՈՄ ՔՀՆ. ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ԳՈՐԾԵՐԸ
Չորեքշաբթի, Մարտ 1ին, Մեծ Պահքի յայտագրի երկրորդ դասախօսութիւնը, Ազգային Առաջնորդարանի եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) համատեղ կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա) հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան, առցանց կերպով ներկայացուց Ս. Ներսէս Շնորհալիի գործերը։ Կրնաք սեղմել այստեղ դիտելու համար։
Բանախօսութենէն առաջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, իսկ ձեռնարկի աւարտին՝ ընթրիք, որ հովանաւորուեցաւ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ, ի պատիւ եկեղեցւոյ բարերարուհի՝ օր. Ազատուհի Զարուկեանի, որուն 100րդ տարեդարձը նշուեցաւ Մարտ 1ին։
Յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 8 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պիտի խօսի Ս. Ներսէս Շնորհալիի մասին իբրեւ հովուապետ, ներկայացնելով անոր «Թուղթ ընդհանրական» գործը։