Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԵԱՔՈՊ ՔԻՒՆՑԼԷՐ (ծնունդ՝ 8 Մարտ, 1871)

Զուիցերիացի մարդասէր Եաքոպ Քունցլէր՝ միսիոնար, բժիշկ եւ հիւանդապահ, Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես եւ հազարաւոր հայ որբերու եւ այրիներու փրկարար եղած է, օրինակելի գործունէութիւն ծաւալելով Ուրֆայի եւ Լիբանանի մէջ շուրջ կէս դարու ընթացքին։

Քիւնցլէր ծնած է 8 Մարտ, 1871ին, Հունտուիլ (Զուիցերիա)։ Կանուխ տարիքին ծնողքը կորսնցուցած է եւ աշխատած իբրեւ ատաղձագործ։ Պազէլի մէջ իբրեւ աւետարանական սարկաւագ մարզուելէ ետք, դարձած է բժիշկի օգնական եւ հիւանդապահ։ Աշխատած է տեղւոյն հիւանդանոցին մէջ (1894-1899) եւ 1899ին Եոհաննէս Լեփսիուսի Գերմանական Արեւելեան Առաքելութիւնը իրեն առաջարկած է բժիշկի օգնականի պաշտօնը կազմակերպութեան հիւանդանոցին մէջ, Ուրֆայի որբանոցին մօտ։ Շարունակած է բժշկութիւն ուսանիլ, մինչեւ որ դարձած է վիրաբոյժ, իսկ 1905ին ամուսնացած է Եթովպիոյ մէջ միսիոնարի մը դստեր՝ Էլիզապէթ Պէնտէրի հետ։ Քիւնցլէրի մարդկային եւ մասնագիտական յատկութիւնները իրեն վաստակած են Ուրֆայի բնակչութեան յարգանքն ու ու վստահութիւնը։

Եաքոպ Քիւնցլէր հայոց ցեղասպանութեան ականատես եղած է Ուրֆայի մէջ։ Փորձած է նաեւ օգտակար ըլլալ հայ զոհերուն։ Այնուհետեւ, դեր ունեցած է թուրքերու քով մնացած հայ կիներու եւ մանուկներու ազատագրութեան մէջ։

Գերմանական Արեւելեան Առաքելութիւնը ստիպուած էր իր գործունէութիւնը դադրեցնել Թուրքիոյ մէջ Ա. Աշխարհամարտի աւարտին։ Քիւնցլէր կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Ուրֆայի գերմանական որբանոցի շէնքերու պահպանման եւ հոն ապաստանած հայերու վիճակը բարելաւելու գործին մէջ։ 1919ին Զուիցերիա վերադառնալով, երկու տարի ետք հրատարակած է գերմաներէն յուշագրութիւն մը՝ Im Lande des Blutes und der Tränen («Արեան եւ արցունքի երկրին մէջ»), որ վաւերագրած է անոր վկայութիւնը Մեծ Եղեռնի մասին։

Քիւնցլէր վերադարձած է Ուրֆա 1922ին, հիմնական մասնակցութիւն ունենալով շուրջ 8.000 հայ որբերու Սուրիա փոխանցման մէջ։ Փետրուար 1923ին, տնօրէն դարձած է Ղազիրի (Լիբանան) որբանոցին, ուր 1.400 հայ որբեր ապաստան գտած էին, Զուիցերիահայ Նպաստամատոյց Ընկերութեան անունով (1923-1929), եւ աշխատակցած է Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին (1929-1931)։ Շարունակած է կարիքաւոր հայերու իր օժանդակութիւնը մինչեւ կեանքին վերջը։ Մահացած է 15 Յունուար, 1949ին, Ղազիրի մէջ եւ թաղուած՝ Պէյրութի ֆրանսական բողոքական գերեզմանատան մէջ։

Քիւնցլէրի հայրական խնամքն ու ջերմութիւնը հայ որբերուն հանդէպ իրեն արժանի դարձուցած է «Փափա» մակդիրին։ Անոր հաւատարիմ կինը՝ Էլիզապէթ «Մամա» Քիւնցլէր, մեծապէս սիրուած է բոլորէն եւ կիսած է իր ամուսնոյն կեանքի դժուարութիւնները երկարամեայ ծառայութեան ընթացքին։