Մեր դպրոցներէն

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԸ՝ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԻ ԱՌԻԹՈՎ

Շաբաթ, 25 Փետրուարին, «Սիամանթօ» լսարանի աշակերտութիւնը անդրադարձաւ Մայրենի Լեզուի միջազգային օրուան։ Անոնց միացած էին «Դանիէլ Վարուժան» վարժարանի (Կլենվիու, Իլինոյ) բարձրագոյն կարգի աշակերտները։

Երկու տարի ետք, դարձեալ օրուան հիւրն էր չորրորդ սերունդ ամերիկահայ, սակայն կամաւոր կերպով Հայաստան ապրող, բացարձակ հայախօս՝ Կարին Պետեան: Ան «Կարին Անկողինեան» ծածկանունով հրատարակած էր հայքուներու գիրք մը, հայերէն։ Իսկ մեր աշակերտութիւնը իր ամէնօրեայ դպրոցէն քաջածանօթ է բանաստեղծութեան այս տեսակին, հետեւաբար դիւրութեամբ կրնար քայլ պահել։

Կարին նաեւ իր կարելին կ՚ընէ Մեղրիի մէջ, թէ Արցախի շրջապատին օգտակար դառնալու։

Հետաքրքրական հարցումներ եղան, որոնց պատասխանեց հիւրը, յիշելով նաեւ որ ինքն ալ «Դանիէլ Վարուժան» վարժարանէն անցած է։ Շահեկան նիւթ մըն էր մեր պատանիներուն համար, կենդանի օրինակ մը այս օրերու դէպքերուն։