Չորեքշաբթի, 8 Մարտին, Ազգ. Առաջնորդարանի եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցոյ հովանաւորած Մեծ Պահքի դասախօսութիւններու շարքին երրորդը տեղի ունեցաւ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, դասախօսեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի մասին իբրեւ հովուապետ, ներկայացնելով անոր «Թուղթ ընդհանրական»ը։ Սեղմեցէք այստեղ դասախօսութիւնը դիտելու համար։
Երեկոյեան յայտագիրը վերջ գտաւ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի հովանաւորած ընթրիքով։
Յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 15 Մարտին, Մայքլ Փափազեան՝ փիլիսոփայութեան դասախօս Պերրի գոլէճի մէջ (Ռոմ, Ճորճիա) պիտի խօսի Ս. Ներսէսի մասին իբրեւ մի-եկեղեցական յարաբերութիւններու ջատագով։