ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ (մահ՝ 14 Մարտ, 2013)
Թէեւ խորհրդահայ «պաշտօնական» երգիծանքը յայտնի պատճառներով չէր վայելեր իր ընկերային պաշտօնը ամբողջութեամբ կատարելու ազատութիւնը, չեն պակսած երգիծագիրներ եւ երգիծական գրութիւններ մամուլին մէջ, եւ նոյնիսկ երգիծական շաբաթաթերթ մը՝ «Ոզնի»ն, որուն հետ հոմանիշ էր բանաստեղծ Արամայիս Սահակեանը ամբողջ երեք տասնամեակ։
Արամայիս Սահակեան ծնած է Արծուաշէն (Գեղարքունիքի մարզ)՝ 1992էն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի բռնագրաւուած շրջանը, 25 Մայիս, 1936ին։ Աւարտած է Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական հիմնարկը (այժմ՝ համալսարան) 1960ին, իսկ 1967ին հետեւած է Մաքսիմ Կորքիի անուան հիմնարկի գրական բարձրագոյն դասընթացքներուն։ Աշխատած է «Աւանգարդ» եռօրեային (1960-1965) եւ «Գարուն» ամսագրին մէջ (1967-1970), իսկ այնուհետեւ՝ Հայաստանի ձայնասփիռի եւ հեռատեսիլի պետական կոմիտէին մէջ (1971-1977)։
Ժողովրդային համբաւի տիրացած է իբրեւ «Ոզնի» շաբաթաթերթի աւելի քան երեսնամեայ գլխաւոր խմբագիրը (1982-2013)։ Արամայիս Սահակեան ծանօթ էր իբրեւ «Գլխաւոր Ոզնի»ն։ 1990-1995ին Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր եղած է։ Անկախութենէն ետք, շարունակելով իր խմբագրական պաշտօնը, աւելի քան տասնեակ մը հանրային հեռատեսիլի մէջ լայն ժողովրդականութիւն վայելող յայտագիր մը ունեցած է՝ «Ծիծաղի տուն» անունով։
Արամայիս Սահակեանի ամենէն ծանօթ գործերը եղած են «Աստղիկներ» (1958), «Սիրոյ հասակ» (1959), «Մենք միասին ենք» (1964), «Ապրել եւ սիրել» (1968), «Երջանիկ եղէք» (1972), «Ես սիրում եմ ձեզ» (1975), «Ես քո զաւակն եմ, Հայաստան» (1986), եւայլն։ Ռուսերէն թարգմանութեամբ քանի մը ժողովածուներ լոյս ընծայած է։ Քանի մը մրցանակներ շահած է իր բանաստեղծութիւններուն համար։ Աւելի քան հարիւր երգերու խօսքերը գրած է, որոնց շարքին՝ լայնօրէն յայտնի «Չքնաղ երազ» երգը։
Յայտնի բանաստեղծն ու երգիծագիրը մահացած է 14 Մայիս, 2013ին, Երեւանի մէջ։