ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄԸ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 5 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Ս. Պատարագին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեպեցւոյ մէջ։ Պատարագեց ու քարոզեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Նիւ Եորքի Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր» մասնաճիւղի ճաշկերոյթին՝ Կանանց Միջազգային Օրուան առիթով, որ տեղի ունեցաւ «Բաշալեան» սրահին մէջ։
Բացման խօսքը կատարեցին մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Մարիա Եփրեմեան (հայերէն), որ նաեւ կատարեց հանդիսավարութիւնը, եւ փոխ-ատենապետուհի՝ Թալին Նիկտէլեան (անգլերէն)։ Հայկական եւ ամերիկեան քայլերգերը մեկնաբանեց Սինտի Օհանեան-Ալէճեան, որուն հետեւեցաւ ՀՕՄի քայլերգը։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ հայ կնոջ ու մօր կարեւորութեան, եւ այնուհետեւ Ազգ. Առաջնորդարանի անունով 1.000 տոլարի վճարագիր մը յանձնեց «Մայր» մասնաճիւղին։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ տիկ. Վալանթին Պէրպէրեանի կազմակերպած բանախօսութեամբ՝ «Հայ կիները. իրաւունքներն ու դերակատարութիւնը պատմութեան ընթացքին»։ Անոր կարգ մը բաժինները ստանձնած էին չորս երիտասարդուհիներ, որոնք նախապէս վարժընթաց կատարած էին ՄԱԿի մէջ ՀՕՄի միջոցաւ՝ Թալին Նիկտէլեան, Նորի Պօյաճեան, Դալար Յովսէփեան եւ Արեւ Եփրեմեան։
Յայտագրի երկրորդ մասին, Սօսի Փօլատեան՝ Լիբանանցի Կիներու Ազգային Յանձնախումբի անդամ, խօսեցաւ սեռային հաւասարութեան մասին աշխարհի մէջ։ Սինտի Օհանեան-Ալէճեան ամերիկեան միւզիքըլներէ երկու երգ հրամցուց ներկաներուն։ Ձեռնարկի ամենէն նշանակալից բաժինը 25 եւ աւելի տարիներ «Մայր» մասնաճիւղին ծառայած անդամներու մեծարանքն էր։ Տիկ. Եփրեմեան եւ ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան անդամ Մարկրէթ Պապիկեան յանձնեցին յուշանուէրներ տասնմէկ անդամ-անդամուհիներու։
Աւարտին, խօսք առաւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, որ ՀՕՄի պատուոյ անդամ է, բարձրօրէն գնահատելով «Մայր» մասնաճիւղի մնայուն աշխատանքն ու նուիրումը։ Ճաշկերոյթի ամբողջական հասոյթը պիտի տրամադրուի սուրիահայութեան։