«ՆԱՂԱՇ» ՀԱՄՈՅԹԻ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԵԼՈՅԹԸ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ
Շաբաթ, 11 Մարտի երեկոյեան, աշխարհահռչակ «Գառնըկի Հոլ»ի «Զանքել» սրահին մուտքի տոմսակները սպառած էին՝ Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորած «Միւզիքըլ Արմինիա» ծրագրի 38րդ տարեկան համերգին համար։ Հայաստանէն «Նաղաշ» համոյթը դիմաւորուեցաւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով եւ մօտ երկու ժամուան համերգի ընթացքին ներկաները դիւթեց միջնադարեան բանաստեղծներ Մկրտիչ Նաղաշի եւ Կոստանդին Երզնկացիի գործերուն վրայ հիմնուած միստիկ երաժշտութեամբ։ Անոնց գործերը՝ պանդխտութեան, ցաւի, սուգի, պատերազմի եւ համաճարակներու մասին իրենց շեշտերով, յատուկ նշանակութիւն ունին մերօրեայ աշխարհի մէջ։
Ձեռնարկին ներկայ էր Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ինչպէս եւ ՄԱԿի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Մհեր Մարգարեան։
«Նաղաշ» համոյթի ղեկավարն է այժմ Հայաստան փոխադրուած ամերիկահայ երգահան Ճան Հոտեան, որ նաեւ խումբի դաշնակահարն է։ Խումբը կը բաղկանայ երեք առաջնակարգ երգչուհիներէ՝ Յասմիկ Բաղդասարեան, Տաթեւիկ Մովսիսեան եւ Արփինէ Տէր Պետրոսեան, եւ երեք նոյնքան տաղանդաւոր երաժիշտներէ՝ Յարութիւն Չքոլեան (դուդուկ, շվի, պկու, զուռնա), Արամայիս Նիկողոսեան (ուտ) եւ Տիգրան Յովհաննիսեան (դհոլ, դափ եւ թմբուկ)։ Իւրաքանչիւր երգէ առաջ, բնագիրներու անգլերէն թարգմանութիւնները կարդաց Կարէն Համամճեան։
«Նաղաշ» համոյթը, որ բազմիցս ելոյթներ կատարած է եւրոպական քաղաքներու մէջ, իր առաջին հիւսիսամերիկեան շրջապտոյտը կը կատարէ։
Բոլոր գործերը, ուր նկատելի է հայկական աւանդական երաժշտութիւնը, ներդաշնակօրէն միահիւսուած արդիական եղանակով եւ կշռոյթով, խորապէս տպաւորեցին հոծ բազմութիւնը, որ չզլացաւ իր գնահատանքը արտայայտել իւրաքանչիւր մեկնաբանութեան։
Աւարտին, յոտնկայս ծափահարութենէ ետք, Ճոն Հոտեան ներկայացուց երաժիշտները եւ իր խորին գնահատութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ «Միւզիքըլ Արմինիա»ի յանձնախումբին, իրենց հովանաւորութեան եւ յոգնատանջ աշխատանքին համար։
‘
Համերգէն ետք, արուեստագէտներուն ի պատիւ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, ուր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս բարի գալուստ մաղթեց իրենց եւ բարձրօրէն գնահատեց անոնց առաքելութիւնը՝ այժմէականացնելու մեր միջնադարեան արժէքները։ Հիւրերը առիթը ունեցան իրենց տպաւորութիւնները բաժնելու երաժիշտներուն հետ։