18րդ դարուն, երբ հայ գրականութիւնը անցման շրջան մը կը բոլորէր, Պետրոս Ղափանցի վերանորոգող դէմք մը հանդիսացած է։
Քիչ բան յայտնի է այս հոգեւորականին, բանաստեղծին, ու երգահանին վաղ կեանքին մասին։ Ծնած է Ղափան (այսօրուան Կապանը), Սիւնիքի մէջ, 18րդ դարուն սկիզբը։ 1753-1756ին անդամակցած է Ս. Էջմիածնի միաբանութեան։ Այնուհետեւ, իբրեւ նուիրակ ծառայած է Պոլսոյ, Ադրիանապոլսոյ (Էտիրնէ), Արմաշի եւ Խրիմի մէջ։ 1772ին վերատեսուչ նշանակուած է Ադրիանապոլսոյ մէջ, իսկ 1780ին՝ Նիկոմիդիոյ առաջնորդ, ու վախճանած է 20 Մարտ, 1784ին։
Աշակերտած է բանաստեղծ Պաղտասար Դպիրին (1683-1768)։ Ուսուցիչին ազդեցութիւնը ակներեւ է, թէեւ Ղափանցի նոր ձեւեր ու արտայայտութիւններ օգտագործած է։ Իր միակ ծանօթ գործը՝ «Գրքոյկ որ կոչի երգարան» (Կ. Պոլիս, 1772), կը պարունակէ 110 բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ երեսունվեցը մեծ ժողովրդականութիւն վայելած էին եւ մէկ քանին տակաւին կ՚երգուէին 19րդ դարու վերջաւորութեան։ Խրիմեան Հայրիկ յիշած է, թէ շատ կը սիրէր երգել Նահապետ Քուչակի եւ Պետրոս Ղափանցիի տաղերը։
Ղափանցի կատարելագործած է վարդի ու սոխակի այլաբանաութեան օգտագործումը, ուր վարդը ներկայացուցած է կորուսեալ հայրենիքը, իսկ սոխակը՝ հեղինակը։ Երբեմն այլաբանութիւնները բացայայտած է ենթախորագիրներուն մէջ։
Այս բանաստեղծին լեզուն անցման փուլ մըն է գրաբարի ու աշխարհաբարի միջեւ։ Անոր բանաստեղծութիւնները գրուած են շատ պարզ ոճով, ուր ան հետազօտած է ցաւի, կարօտի ու երազի բոլոր նրբերանգները, անոնց գեղարուեստական բարձրարուեստ արտայայտութիւն տալով յանգի, կշռոյթի ու չափի իր կիրարկումներով։