ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՀԱՄԱ-ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 15 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Ամերիկայի Հայկական Համագումարի համա-ատենապետ՝ իրաւաբան Վան Գրիգորեանի այցելութիւնը։ Հանդիպումին ընթացքին, տեղի ունեցաւ զրոյց մը հայ կեանքը յուզող այժմէական հարցերու մասին։