ՓՐՈՖ. ՄԱՅՔԼ ՓԱՓԱԶԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Չորեքշաբի, 15 Մարտին, դոկտ. Մայքլ Փափազեան՝ Պըրրի գոլէճի (Ռոմ, Ճորճիա) փիլիսոփայութեան դասախօս, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ բանախօսեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի մասին իբրեւ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու ջատագով։ Հսկումի արարողութեան յաջորդող առցանց դասախօսութիւնը չորրորդն էր Ազգային Առաջնորդարանի եւ Մայր Եկեղեցւոյ կողմէ համատեղ կազմակերպուած Մեծ Պահքի ծրագրին մէջ։
Սեղմեցէք այստեղ դասախօսութիւնը դիտելու համար։
Չորեքշաբթի, 22 Մարտին, Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան, պիտի խօսի Ս. Ներսէս Շնորհալիի մասին իբրեւ երաժիշտ։