ԿԱՐԻՆԷ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ՝ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ
Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգաբարձութիւնը յայտնեց դոկտ. Կարինէ Փալանճեանի նշանակումը իբրեւ դպրոցի նոր տնօրէնուհի։ Ան իր պաշտօնավարութեսն պիտի սկսի յառաջիկայ 10 Յուլիսին, յաջորդելով տիկ. Հուրի Պոյամեանին, որ 2022ի գարնան իր հանգստեան կոչուիլը յայտարարեց 35ամեայ ծառայութենէ ետք։
Դոկտ. Փալանճեան աւելի քան 15 տարուան կրթական փորձառութիւն ունի թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ։ Ան կրթական քաղաքականութեան եւ արժեւորման աւարտաճառը պաշտպանած է 2022ին՝ Արիզոնայի նահանգային համալսարանին մէջ, եւ ներկայիս նոյն համալսարանը կը գտնուի իբրեւ «Մելիքեան» կեդրոնի յետ-դոկտորականի ուսումնասիրող եւ ուսուցչակազմի անդամ։ Դասաւանդած է լեզու եւ ընկերային գիտութիւններ Գալիֆորնիոյ «Վահան եւ Անոյշ Շամլեան» եւ «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» վարժարաններու նախակրթարաններուն մէջ։ Հաստատած է Ուսանողական Յաջողութեան Կեդրոնը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, որ բազմազան օժանդակ ծառայութիւններ կը մատուցանէ, ներառեալ՝ խորհրդատուութիւն, հաշմանդամներու աջակցութիւն եւ հասակակիցներու կողմէ խնամակալութիւն։
2019-2020ին դոկտ. Փալանճեան Հայաստանի սահմաններու մանկավարժութեան գործունէութեան եւ ինքնութեան վերաբերեալ իր աւարտաճառին դաշտային աշխատանքը կատարած է Երեւանի եւ Շիրակի ու Տաւուշի սահմանային գիւղերուն մէջ, ինչպէս եւ ամիս մը պոլսահայ համայնքին մէջ։ Վերջերս, Համեմատական եւ Միջազգային Կրթութեան Ընկերութիւնը լաւագոյն աւարտաճառի մրցանակով պարգեւած է դոկտ. Փալանճեանի աւարտաճառը ընկերութեան տարեկան գիտաժողովին (Ուաշինկթըն)։
Ս. Ստեփանոս վարժարանի հոգաբարձութեան եւ որոնման յանձնախումբի ատենապետ Մայքլ Կիւզէլեան յայտնեց, թէ յանձնախումբը յատկապէս տպաւորուած էր դոկտ. Փալանճեանի գիտութեամբ եւ նորարարական հեռանկարով կրթութեան դաշտին մէջ, ինչպէս եւ հայութեան հանդէպ իր նուիրումով։ Իսկ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Քհն. Պալճեան աւելցուց, թէ «ոգեւորուած ենք տեսնելու, թէ ինչպէս դոկտ. Փալանճեան դպրոցի յաջողութիւնները նոր մակարդակի կը հասցնէ՝ հիմնուելով մեր հանգստեան կոչուող տնօրէնուհիի՝ Հուրի Պոյամեանի անհաւատալի ժառանգութեան վրայ»։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, հեռաձայնով կապուեցաւ նորանշանակ տնօրէնուհիին հետ, շնորհաւորելով անոր նոր պաշտօնը եւ մաղթելով բազմարդիւն գործունէութիւն իր առաքելութեան մէջ։