Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 26 ՄԱՐՏ Ե. ԿԻՐԱԿԻ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ-ԳԱԼՍՏԵԱՆ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 66.1-

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 22:34-23:39

Երբ Փարիսեցիները լսեցին թէ Յիսուս Սադուկեցիները պապանձեցուց, իրարու քով եկան: Անոնցմէ մէկը, Մովսիսական Օրէնքի մասնագէտ մը, Յիսուսը փորձելու համար հարցուց.

– Վարդապե՛տ, Օրէնքին մէջ ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը:

 

Յիսուս ըսաւ անոր.

«Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ»: Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը: Երկրորդը ատոր նման է. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»: Այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները:

 

Երբ Փարիսեցիները հաւաքուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց.

– Ի՞նչ կը խորհիք Քրիստոսին մասին: Որո՞ւն որդին է ան:

Անոնք պատասխանեցին.

– Դաւիթի:

Յիսուս ըսաւ անոնց.

– Ուրեմն ինչպէ՞ս Դաւիթ Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ զայն Տէր կը կոչէ ու կ’ըսէ.-

«Տէրը իմ Տիրոջս ըսաւ.-

Աջ կողմս նստէ,

մինչեւ որ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ

որպէս պատուանդան»:

Արդ, եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ինչպէ՞ս Քրիստոս անոր որդին կ’ըլլայ:

Ոչ ոք կրցաւ պատասխան տալ Յիսուսի, եւ այդ օրէն սկսեալ՝ ոեւէ մէկը չէր համարձակեր իրեն հարցում ուղղել:

 

Ապա Յիսուս ժողովուրդին եւ իր աշակերտներուն ըսաւ.

– Մովսէսի աթոռը նստան Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները: Իրենց ըսածներուն հնազանդեցէք եւ կատարեցէք զանոնք, սակայն մի՛ ընէք ինչ որ իրենք կ’ընեն․ որովհետեւ անոնք կը սորվեցնեն, բայց չեն կատարեր: Անոնք ծանր եւ դժուարակիր բեռներ կը դնեն մարդոց ուսերուն, մինչ իրենք նոյն բեռները կրելու նուազագոյն ճիգն իսկ չեն ըներ: Ինչ որ կ’ընեն, մարդոց երեւելու համար կ’ընեն: Իրենց գրապանակները կը լայնցնեն եւ իրենց հագուստներուն ծոպերը կ’երկնցնեն: Ընթրիքներու ընթացքին պատուոյ տեղերը գրաւել կը սիրեն եւ ժողովարաններու մէջ՝ առաջին աթոռները: Կը սիրեն հրապարակներու վրայ մարդոցմէ բարեւներ ընդունիլ եւ «վարդապետ», այսինքն «ուսուցիչ» կոչուիլ: Բայց դուք ոեւէ մէկը «վարդապետ» մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք բոլորդ եղբայրներ էք եւ մէկ ուսուցիչ ունիք: Երկրի վրայ ոեւէ մէկը «հայր» մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք մէկ Հայր ունիք, որ երկինքի մէջ է: «Առաջնորդ» մի՛ կոչուիք, որովհետեւ ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է: Ձեր մէջէն մեծը թող ձեր սպասաւորը ըլլայ: Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ:

 

– Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ երկինքի արքայութիւնը կը փակէք մարդոց առջեւ. դուք չէք մտներ եւ թոյլ չէք տար նաեւ անոնց՝ որ կ’ուզեն մտնել:

 

Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ մէկ կողմէ այրիներուն տուները իրենց ձեռքէն կը յափշտակէք, միւս կողմէ կեղծաւորութեամբ ձեր աղօթքը կ’երկարէք. ասոր համար աւելի խիստ դատապարտութիւն պիտի ընդունիք:

 

Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ մէկ կողմէ ծով ու ցամաք կը շրջիք մէկը նորահաւատ ընելու համար, իսկ երբ յաջողիք՝ զայն ձեզմէ կրկնապատիկ աւելի դժոխքի արժանի կ’ընէք:

 

Վա՜յ ձեզի, կո՛յր առաջնորդներ: Կ’ըսէք. «Ան որ տաճարին վրայ կ’երդնու՝ երդումը կատարելու պարտաւորութեան տակ չէ, բայց ան որ տաճարին ոսկիին վրայ կ’երդնու՝ պարտաւոր է կատարելու»: Յիմարնե՛ր, կոյրե՛ր, ո՞ր մէկը կարեւոր է, ոսկի՞ն թէ տաճարը, որ կը սրբագործէ ոսկին: Կամ կ’ըսէք. «Ան որ զոհարանին վրայ երդում կ’ընէ՝ երդումը կատարելու պարտաւորութեան տակ չէ, բայց ան որ կ’երդնու զոհարանին դրուած զոհին վրայ՝ պարտաւոր է կատարելու»: 19Յիմարնե՛ր, կոյրե՛ր, ո՞ր մէկը աւելի կարեւոր է. զո՞հը թէ զոհարանը, որ կը սրբագործէ զոհը: Հետեւաբար, ով որ կ’երդնու զոհարանին վրայ, կ’երդնու թէ՛ զոհարանին եւ թէ՛ հոն եղածներուն վրայ: Ով որ կ’երդնու տաճարին վրայ, կ’երդնու թէ՛ տաճարին եւ թէ՛ Աստուծոյ վրայ, որ հոն կը բնակի: Նոյնպէս, ով որ կ’երդնու երկինքին վրայ, կ’երդնու թէ՛ Աստուծոյ գահին եւ թէ՛ Աստուծոյ վրայ, որ հոն կը նստի:

 

Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ անանուխին, սամիթին ու չամանին տասանորդը կու տաք եւ կ’անտեսէք Օրէնքին կարեւոր պարտաւորութիւնները, այսինքն՝ արդարութիւնը, ողորմութիւնը եւ հաւատարմութիւնը: Ասոնք պէտք էր գործադրել, առանց միւսները անտեսելու: Կո՛յր առաջնորդներ, մէկ կողմէ մժղուկը կը քամէք, միւս կողմէ սակայն ուղտը կը կլլէք:

 

Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ պնակին եւ գաւաթին արտաքինը կը մաքրէք, մինչ գիտէք թէ ներսիդին եղող ուտելիքն ու խմելիքը ի՜նչ յափշտակութեամբ եւ աղտեղութեամբ ձեռք բերած էք: Կո՛յր Փարիսեցի, նախ գաւաթին եւ պնակին ներսը մաքրէ. այսպիսով դուրսն ալ մաքուր կ’ըլլայ:

 

Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը նմանիք կիրով ճերմկցուած գերեզմաններու, որոնք արտաքնապէս գեղեցիկ կ’երեւին, բայց ներքնապէս լեցուն են մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն տեսակի պղծութեամբ: Նոյնպէս էք դուք. արտաքնապէս մարդոց արդար կ’երեւիք, բայց ներքնապէս լեցուն էք կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ:

Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ մարգարէներու շիրիմները կը շինէք եւ արդարներուն գերեզմանները կը զարդարէք ու կ’ըսէք. «Եթէ մենք մեր հայրերուն ժամանակը ապրած ըլլայինք, մարգարէներու սպանութեան մասնակից պիտի չըլլայինք»: Ահաւասիկ դուք արդէն իսկ կը վկայէք թէ որդիներն էք անոնց, որոնք մարգարէները կոտորեցին: Գացէք ամբողջացուցէ՛ք ձեր հայրերուն կիսատ ձգած գործը: Օձե՛ր, իժերո՛ւ ծնունդներ, ինչպէ՞ս պիտի կարենաք փախուստ տալ դժոխքի դատապարտութենէն: Ահա ես ձեզի մարգարէներ, իմաստուններ եւ Օրէնքի ուսուցիչներ պիտի ղրկեմ, դուք անոնցմէ ոմանք պիտի սպաննէք, ոմանք խաչէք, ուրիշներ ժողովարաններու մէջ պիտի գանակոծէք եւ հալածէք քաղաքէ քաղաք: Այսպիսով, բոլոր արդարներուն սպանութեան մասնակից եղած պիտի ըլլաք, սկսեալ անմեղ Աբէլի արիւնէն մինչեւ արիւնը Բարաքիայի որդիին՝ Զաքարիայի, որ սպաննեցիք տաճարին եւ զոհարանին մէջտեղ: Հաստատ գիտցէք, թէ այս բոլոր ոճիրներուն պատիժը պիտի կրէք:

 

– Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ կը կոտորէիր մարգարէները եւ կը քարկոծէիր Աստուծոյ քեզի ղրկած մարդիկը. քանի՜ անգամ ուզեցի որդիներդ հաւաքել, ինչպէս հաւը իր ձագերը կը հաւաքէ թեւերուն տակ, բայց դո՛ւք, Երուսաղէմի բնակիչներ, չուզեցիք: Ահա «աւերակ պիտի ըլլայ ձեր տունը»: Բայց կ’ըսեմ նաեւ, ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ որ ըսէք. «Օրհնեալ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով»:

 

 

ՆԱՄԱԿ ԿՈՂՈՍԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2:8-3:17

 

Զգո՛յշ եղէք, որ ոեւէ մէկը ձեր միտքը չգրաւէ իմաստասիրական տեսութիւններով եւ խաբեբայական սին խօսքերով, որոնք մարդկային աւանդութիւններու եւ բնութեան ոյժերուն վրայ կը հիմնուին եւ ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ վարդապետութեան վրայ: Որովհետեւ մարդացած Քրիստոսի մէջ կը բնակի աստուածային բնութեան ամբողջ լիութիւնը: Եւ դուք ձեր կեանքին լիութիւնը գտաք՝ միանալով անոր, որ գլուխն է ոգեղէն աշխարհի բոլոր իշխանութիւններուն ու պետութիւններուն: Հաւատքի ճամբով երբ Քրիստոսի միացաք, դուք ձեր մեղքերը թօթափեցիք եւ Քրիստոսի թլփատութեամբ ստացած եղաք սրտի թլփատութիւնը: Մկրտուելով՝ անոր հետ միասին թաղուեցաք, եւ անոր հետ ալ յարութիւն առիք, քանի հաւատացիք Աստուծոյ զօրութեան, որ զայն մեռելներէն յարուցանեց: Քրիստոսի հետ Աստուած ձե՛զ ալ կենդանացուց, քանի դուք հոգեւորապէս մեռած էիք ձեր մեղքերուն պատճառով, որովհետեւ անթլփատ հեթանոսներ էիք: Այո՛, Աստուած ներեց մեր բոլոր յանցանքները եւ իր իշխանութեամբ ջնջեց մեր օրինազանցութեան համար մեզի դէմ արձակուած դատապարտութեան վճիռը, զայն խաչափայտին գամելով: Այսպիսով անիկա զինաթափ ըրաւ ոգեղէն աշխարհի իշխանութիւններն ու պետութիւնները, յայտնապէս խայտառակելով ու պարտութեան մատնելով զանոնք Քրիստոսի ձեռքով, անոր յարութեան ատեն:

 

Կարեւորութիւն մի՛ տաք անոնց՝ որոնք ձեզ կը քննադատեն, թէ ինչո՛ւ չէք պահեր ուտելու եւ խմելու, տօնակատարութեանց, ամսամուտերու եւ Շաբաթ օրերու վերաբերող կանոնները. որովհետեւ այդ բոլորը գալիք իրականութեանց շուքն են, իսկ իրականութիւնը Քրիստոսի մէջ է:

 

Չըլլա՛յ որ ոեւէ մէկը իր կեղծ խոնարհութեամբ, հրեշտակներուն ընծայուած պաշտամունքով եւ զանազան տեսիլքներով ձեզ մոլորեցնէ եւ մրցանակէն զրկէ. որովհետեւ այդպիսիները մարդկային հպարտութենէ տարուած են եւ կ’ուզեն իրենք զիրենք պարտադրել ձեզի: Անոնք կապ չունին Գլուխին՝ Քրիստոսի հետ. մինչդեռ մարմինը՝ Քրիստոսի եկեղեցին, իր բոլոր յօդերով ու կապերով Գլուխին կապուած ու միացած, անկէ՛ կ’առնէ իր աճումը՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն:

 

Քանի Քրիստոսի հետ մեռաք եւ բնութեան ոյժերու տիրապետութենէն դուրս եկաք, ինչո՞ւ կը շարունակէք ապրիլ այնպէս՝ որպէս թէ ձեր կեանքը աշխարհէն կախում ունենար, եւ կը հնազանդիք մարդոց կողմէ տրուած պատուիրաններու, ինչպէս՝ «Մի՛ մօտենար, մի՛ ուտեր, մի՛ դպչիր»: Ասոնք բոլորն ալ բաներ են՝ որոնք գործածութեամբ կը փճանան: Այդպէս պատուիրողները իմաստուն կրնան թուիլ՝ իրենց բարեպաշտական ինքնակամ արտայայտութիւններով, կեղծ խոնարհութեամբ եւ անխնայ կերպով մարմինը ճնշելով, բայց այս բաները ոեւէ արժէք չունին եւ միայն մարմինը բաւարարելու կը ծառայեն:

 

Քանի որ յարութիւն առիք Քրիստոսի հետ, այսուհետեւ ձեր ուշադրութիւնը երկինք դարձուցէք, որովհետեւ հո՛ն է Քրիստոս, Հօր Աստուծոյ աջ կողմը նստած: Երկնաւոր բաներու մասին խորհեցէք եւ ո՛չ թէ երկրաւոր բաներու. որովհետեւ դուք այս աշխարհին համար մեռաք, որպէսզի Քրիստոսի հետ միասին ապրիք այն կեանքով՝ որ Աստուած վերապահած է ձեզի: Իսկ երբ Քրիստոս՝ ձեր կեանքը՝ յայտնուի, այն ատեն դուք ալ փառքով պիտի յայտնուիք անոր հետ:

 

Հետեւաբար մեռցուցէ՛ք ձեր մէջ երկրաւոր ցանկութիւնները, այսինքն՝ ձեզմէ դուրս վանեցէք պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, ինչ որ կռապաշտութիւն է. որովհետեւ այդ բոլորը Աստուծոյ անհնազանդ մարդոց գործերն են, եւ Աստուած պիտի պատժէ զանոնք: Նախապէս դո՛ւք ալ այդ բոլորը կ’ընէիք, երբ տակաւին այդ ցանկութիւններով կ’ապրէիք: Բայց հիմա ձեզմէ դուրս նետեցէք այդ բոլորը.- բարկութիւնը, զայրոյթը եւ չարութիւնը: Ձեր բերանէն ոեւէ հայհոյութիւն կամ լկտի խօսք չլսուի: Սուտ մի՛ խօսիք իրարու: Մոռցէ՛ք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը, եւ նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի կարենաք զինք ճանչնալ: Անգամ մը որ նորոգուեցաք, ա՛լ չկայ Հրեայ կամ հեթանոս, թլփատուած կամ անթլփատ, բարբարոս, վայրենի, ծառայ կամ ազատ. կայ միայն Քրիստոս, որ ամէն ինչ է եւ բոլորին մէջ:

 

Հետեւաբար, իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած ու սրբուած եւ իր սէրը վայելող մարդիկ՝ գթասիրտ եղէք. եղէք ողորմած, քաղցր, խոնարհ, հեզ եւ համբերատար: Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք: Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք: Եւ այս բոլորին վրայ՝ աւելի սէր ունեցէք, որովհետեւ սէրը ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է: Ձեր սիրտերուն մէջ Քրիստոսի խաղաղութիւնը թող թագաւորէ, որովհետեւ Աստուած այդ խաղաղութեան կանչեց ձեզ՝ մէկ մարմինի մէջ, որ Քրիստոսի եկեղեցին է: Ուստի շնորհակալ եղէք Աստուծոյ:

 

Թող Քրիստոսի խօսքը ձեր մէջ բնակի իր ամբողջ հարստութեամբ, որպէսզի կատարեալ իմաստութեամբ սորվեցնէք իրարու եւ իրար խրատէք, եւ սաղմոսներով, օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով ձեր սիրտերուն մէջ շնորհակալութեամբ զԱստուած օրհներգէք: Եւ ինչ որ ալ ընէք, խօսքով թէ գործով, միշտ Տէր Յիսուսի անունով ըրէք, անոր միջոցաւ գոհութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ: