ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ԵՒ ԱՅՆՃԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 19 Մարտին, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիռէոն խայր» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, նախաձեռնութեամբ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ եւ գործակցութեամբ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ խումբ մը ժրաջան մուսատաղցիներու, եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկ. Ռաֆֆի եւ Հերա Մախուլեաններու:
Մուսա Լերան եւ Այնճարի հայութեան պատմութեան նուիրուած ժապաւէնի բեմադրիչն է Մոնթրէալի «Հայ Հորիզոն» ծրագիրի տնօրէնուհի եւ Համազգայինի Գանատայի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Թամար Շահինեան։
Բացումը եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, որ մանրամասնօրէն բացատրեց ձեռնարկի նպատակը, ներկայացնելով Մուսա Լեռ—Այնճարի կարեւորութիւնը սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ: Ձեռնարկին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Այնճարի տնտեսական կարիքներուն, մասնաւորապէս արեւային վահանակներու ծրագրին: Յանուն Այնճարի հայութեան, Տէր Մեսրոպ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Թամար Շահինեանին, իր անսակարկ նուիրումին եւ ծառայութեան համար:
Համազգայինի Նիւ Եորքի խօսքը ներկայացուց տիկ. Լալիկ Վարդանեան, իսկ Կեդր. Վարչութեան խօսքը՝ տիկ. Արեւիկ Գաբրիէլեան:
Ցուցադրութեան աւարտին իր երախտագիտական խօսքը յայտնեց ժապաւէնի բեմադրիչ Թամար Շահինեան, որ անդրադարձաւ Այնճար հայ աւանի ձգողականութեան եւ լիարժէք հայրենի աշխարհի մէկ մասնիկը ըլլալու հանգամանքին:
Աւարտին, Տէր Մեսրոպ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, նուիրատուներուն եւ յատկապէս Մարալ Գպրանեան-Գաբրիէլեանին եւ Փօլին Տոսթումեանին՝ իրենց ժրաջան աշխատանքին համար: Ձեռնարկէն գոյացաւ 10.000 տոլար: