ՏԻԳՐԱՆ ՉՈՒԽԱՃԵԱՆ (մահ՝ 23 Մարտ, 1898)
Տիգրան Չուխաճեան եղած է հայկական օփերային արուեստի հիմնադիրը եւ առաջին արեւելքցի երգահանը, որ մասնագիտական բարձր կրթութիւն ստացած է։
Չուխաճեան ծնած է Կ. Պոլիս, 1837ին։ Դաստիարակուած է գեղարուեստասէր ընտանիքի մէջ։ Երաժշտական առաջին տպաւորութիւնները ստացած է հայկական դպրոցական, հոգեւոր ու քաղաքային ժողովրդական երգերէն, Պոլսոյ բազմալեզու միջավայրի ընդհանուր արեւելեան երգերէն ու նուագներէն, ինչպէս եւ եւրոպական, մասնաւորապէս իտալական օփերայի արուեստէն։
Դպրոցական տարիներուն, Չուխաճեանի երաժշտական հակումներու դրսեւորման նպաստած է պոլսահայ երաժիշտ Գաբրիէլ Երանեան, իսկ իտալացի պոլսաբնակ մանկավարժ Չ. Մանձոնի դաշնակի ու տեսական դասանիւթերու առաջին դասերը ղեկավարած է։
Անոր պատանեկութեան ու երիտասարդութեան տարիները զուգադիպած են հայութեան զարթօնքի փայլուն շրջաններէն մէկուն հետ։ Իտալական օփերային խումբերու շրջապտոյտներու տպաւորութեան տակ, պոլսահայ համայնքի յառաջադէմ ներկայացուցիչները ազգային օփերա ունենալու երազանքներ փայփայած են։ Մասնագիտական կրթութիւնը լրացնելու նպատակով, Մանձոնիի խորհուրդով ու յանձնարարականով, 1861ին Չուխաճեան մեկնած է Միլան ուսանելու, ուր երեք տարի մասնագիտական խոր գիտելքիքներ ստացած է եւ յատկապէս հոգեհարազատ դարձած է Ճուզեփփէ Վերտիի օփերային արուեստին հետ։ 1864ին վերադառնալով Պոլիս, կրկին յայտնուած է Արեւելեան թատրոնի ու երաժշտական ընկերութեան շուրջ համախմբուած մտաւորականութեան առաջին շարքերուն մէջ։ 1860ական թուականներուն, դասախօսութիւններ տուած է եւ դաստիարակչական գործունէութիւն տարած, համանուագային համերգներ ղեկավարած եւ երաժշտութիւն յօրինած զանազան թատերական ներկայացումներու համար։ Այս մթնոլորտին մէջ, երգահանը յղացած ու վարպետութեամբ ամբողջացուցած է իր ամենէն գեղեցիկ ծրագիրներէն մէկը՝ «Արշակ Երկրորդ» օփերան (բնագիրը գրած է բանաստեղծ Թովմաս Թէրզեանը, հայերէն եւ իտալերէն), որ հանդիսացած է հայկական առաջին օփերան, որ գրական-երաժշտական իր ողջ հիւսուածքով կը կապուէր ժամանակակից հայ իրականութեան հետ ։
Օփերան աւարտած է 1868ին եւ նոյն թուականին նախերգանքը մեկնաբանուած է Պոլսոյ մէջ, խոր տպաւորութիւն ձգելով ունկնդիրներուն վրայ։ 1869ին ծրագրուած էր օփերան բեմադրել, բայց օսմանեան քաղաքականութեան սեղմումներուն պատճառով անկարելի դարձած է։
1870ական թուականներու սկիզբէն Չուխաճեան ստիպուած էր փոխել, այսպէսով, իր ստեղծագործական գործունէութեան ուղղութիւնը, յարմարելով նոր պայմաններուն։ Անցած է երաժշտական կատակերգութիւններու յօրինման, իտալացի եւ հայ գրողներու հետ համագործակցելով։ Այդ կատակերգութիւնները պէտք է նախ թրքերէն ներկայացուէին։ Այսպէս ստեղծուած են Չուխաճեանի վառ անհատականութեան կնիքով դրոշմուած գործեր՝ «Արիֆի խարդախութիւնը» (1872), «Քէօսէ Քեհեա» (1874) եւ «Լէպլէպիճի Հօր-Հօր աղա» (1876), որոնցմէ վերջինը յատկապէս լայն տարածում ստացած է, բեմադրուելով Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներու, Եգիպտոսի, Անդրկովկասի, Յունաստանի եւ արեւմտեան այլ երկիրներու մէջ, մինչեւ Ամերիկա։
Չուխաճեան այնուհետեւ բոլորովին տարբեր գործ մը աւարտած է՝ արաբական հեքիաթի հիմամբ յղացուած «Զեմիրէ» օփերան, որ բեմադրուած է 1891ին եւ 1894ին։ Աւելի տանելի պայմաններու մէջ ստեղծագործելու ակնկալութեամբ, Չուխաճեան 1896ին ընտանիքով փոխադրուած է Զմիւռնիա։ 1897ին աւարտած է «Ինտիանա» օփերան ու նոր գործի մը ձեռնարկած, որ թերաւարտ մնացած է հիւանդութեան եւ վերահաս մահուան պատճառով։
Չուխաճեան յօրինած է նաեւ գործիքային, դաշնակի ստեղծագործութիւններ եւ երգեր։
Մահացած է 23 Մարտ, 1898ին, Զմիւռնիոյ մէջ։ Տիգրան Չուխաճյանի անունը կը կրեն Երեւանի մէջ փողոց մը եւ երաժշտական դպրոց մը, որուն առջեւ տեղադրուած է անոր յուշարձանը։