Առաջնորդարանէն

ԱՐԺՊ. Տ. ՍՏԵՓԱՆ ՔՀՆ. ՊԱԼՃԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ՄԱՍԻՆ ԻԲՐԵՒ ԵՐԱԺԻՇՏ

Չորեքշաբթի, 22 Մարտին, տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովանաւորած Մեծ Պահքի դասախօսութիւններու շարքին հինգերորդը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, Մայր Եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

Հսկումի արարողութենէն ետք, Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան՝ Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, առցանց դասախօսեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի իբրեւ երաժիշտ» նիւթին շուրջ։

Սեղմեցէք այստեղ դասախօսութիւնը դիտելու համար։

Մեծ Պահքի դասախօսութիւններու շարքը իր աւարտին պիտի հասնի յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 29 Մարտին, Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնի վարիչ՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի դասախօսութեամբ՝ «Ս. Ներսէս իբրեւ աղօթքի ուսուցիչ» նիւթով։