Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Անցեալ շաբաթավերջին՝ Գարնան գիշերահաւասարին յաջորդող առաջին Շաբաթ օրը, Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի գաղութը վերանորոգման հոյակապ շունչ վայելեց, մշակութային բացառիկ ձեռնարկի մը գործադրումով, կազմակերպուած՝ Նիւ Ճըրզիի Համազգային Մշակութային Միութեան եւ գործակցութեամբ ՀՕՄի, ՀՄԸՄի եւ ՀԵԴի։

Ճոխ յայտագիր մը գործադրուեցաւ, մասնակցութեամբ հայրենի եւ Սփիւռքի արուեստագէտներու եւ Նիւ Ճըրզիէն, Նիւ Եորքէն, Ուաշինկթընէն եւ Ֆիլատելֆիայէն  Համազգայինի պարախումբերու։ Նորաստեղծ յանձնախումբի անունն իսկ շատ խորհրդանշական էր ու ազդու՝ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ, բերելով ոչ միայն Մայր բնութեան ոգին, այլ նաեւ վերարթնացումի եւ զօրաշարժի ենթարկելու մեր տաղանդները եւ ոյժերը որպէս գաղութ մը, որ յաղթահարելով պսակաձեւ ժահրի սպառնալի ժամանակահատուածը, այժմ դէպի յառաջ կ՛ընթանայ զինուած նոր փարձառութեամբ ու վստահութեամբ։

Յայտագրի ընթացքին, պահ մը միտքս թռիչք առաւ դէպի յետ Եղեռնեան մեր ժողովուրդի օրրան հանդիսացող Լիբանան եւ Սուրիան, որոնք ներկայիս քաղաքական պատճառներով եւ երկրաշարժի տագնապով լինելութեան ահաւոր ձորին մէջէն կ՛անցնին։

Երբ սրահը կը ձգէի խոր գոհունակութեամբ, ներքին շշուկ մը էութիւնս պատեց, ներշնչուած այս ձեռնարկէն։ Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ երբ այսօրուան համագործակցող միութեանց նման Վերածնունդի ոգի մը ծաւալի եւ մեր բոլոր կառոյցները՝ առանց խտրականութեան, գործակցին Հայրենիքի ու Սփիւռքի մէջ։ Վստահ որ աշխարհէն մեզի հրամցուած բոլոր դառնութեանց եւ սպառնալիքներուն պիտի յաղթահարենք՝ Հայաստանի թէ Արցախի, Լիբանանի թէ Սուրիոյ, եւ աշխարհի ամբողջ տարածքին ցրուած Հայերս, կենսաւորելով մեր Հաւատքը, Յոյսը եւ Սէրը։

Այս գօտեպնդիչ մտածումով, անգամ մը եւս փառք կու տամ Ամենակալ Աստուծոյ, որ հոգեւոր հովիւներու եւ ժողովուրդի անվերապահ գործակցութեամբ մինչեւ օրս $103497 հաւաքուած է Սուրիահայ Օժանդակութեան Ֆոնտին ի նպաստ։

Ողորմած եւ Բարեգութն մեր Երկնաւոր հայրը ամրացնէ մեզ մեր ինքնութեան մէջ որպէս իր զաւակները, որպէսզի հոգածու ըլլանք իրարու համար, եւ մեզի պարգեւուած կեանքը վայելենք ներկայիս եւ յաւերժութեան մէջ։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ